«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան հինգ ճակատումներ:
Մինեսոթա Վուլվզ 125-99 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Լոս Անճելըս Լէյքըրզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Էնտրու Ուիկինզ նշանակեց 47 կէտ:
Օքլահոմայի մէջ, Սիթի երկու կէտի տարբերութեամբ` 119-117 արդիւնքով պարտուեցաւ Օրլանտօ Մեճիքէն: Հիւրընկալ խումբին մաս կազմող Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 41 կէտ:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին մաս կազմող Սթեֆըն Քերի Ֆէոնիքս Սանզի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (133-120) նշանակեց 30 կէտ:
Նշենք, որ ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն ամէնէն շատ (9) յաղթանակը արձանագրած է Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, իսկ ամէնէն շատ (9) պարտութիւնը կրած է Նիւ Օրլինզ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Շարլոթ Հոռնեթց | 100-93 |
Օրլանտօ Մեճիք – Օքլահոմա Սիթի | 119-117 |
Մինեսոթա Վուլվզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ | 125-99 |
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ | 133-120 |
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Տենվըր Նակեթց | 112-105 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Օրլանտօ Մեճիք
Նիւ Եորք Նիքս – Տալաս Մավըրիքս
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Օքլահոմա Սիթի
Նիւ Օրլինզ – Պոսթըն Սելթիքս
Հիուսթըն Ռոքեթց – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մայեմի Հիթ
Եութա Ճեզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Պրուքլին Նեթց