«Մարքա» կը հաղորդէ, որ վերջապէս յստակացաւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի սպանացի բերդապահ Տաւիտ Տէ Ժէայի հրաժարագինը:
26 տարեկան բերդապահին պայմանագրութիւնը Մանչեսթըրի հետ նախատեսուած է մինչեւ 2019, իսկ անոր հրաժարագինը կը կազմէ 60 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ այս տարեշրջանին ան «փրեմիեր լիկ»-ի 11 մրցումի մասնակցած է: