Ուրուկուէյցի յառաջապահ Ապրէու Ուաշինկթըն Սեպասթիան Կալօ փոխանցումներու աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատեց` ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին իր 28-րդ ակումբը փոխելով:
«Տէյլի Մէյլ»-էն քաղելով իր այս լուրը` ArmSport.am կը յայտնէ, որ 40 տարեկան ֆութպոլիստը իր 22 տարուան ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է 23 ակումբներու:
Վերջին շրջանին ան մաս կազմած է չորս ակումբներու, իսկ այժմ Պանկ խումբին: