Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Լիբանանի ազգային խումբը այսօր` երեքշաբթի, 15 նոյեմբերի ժամը 18:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), հիւրը պիտի ըլլայ Յորդանանի, վերջինիս դաշտին վրայ, Ամմանի մէջ:
Երկու կազմերուն համար ալ այս մրցումը պիտի ըլլայ պատրաստութիւն` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունենալիք Ասիա-2019-ի բաժակի մրցաշարքին, որուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 18 յունուար 2017-ին:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը Յորդանան մեկնեցաւ գլխաւորութեամբ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Շահաֆի:
Այս մրցումին համար նկատի առնուեցան 21 ֆութպոլիստներ: