
Լիբանանի ֆութսալի երկրորդ դասակարգի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ- Ահլի Սայտա հետաքրքրական մրցումը, որուն առաջին կիսախաղին երկու խումբերը նշանակեցին մէկական կոլ: Սակայն երկրորդ կիսախաղին այլ պատկեր մը պարզուեցաւ: ՀՄԸՄ-ի մարզիկները երեք կոլեր նշանակելով շշմեցուցին մրցակիցը, որ միայն կոլ մը կրցաւ նշանակել այդ միջոցին: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կոլերը նշանակեցին Վաչէ Ղուկասեան, Անդրանիկ Կարապետեան, Սերժ Մելիքեան (2): Այս մրցումով ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը հաստատեցին, որ կարեւոր ուժ մըն են այս մրցաշարքին մէջ:


