Մարզական

Հեծելարշաւ.  2016 Տարուան Վերջնական Դասաւորումը

Հեծելարշաւ. 2016 Տարուան Վերջնական Դասաւորումը

                     Պասսամ Տըննաուի                                         Եուսեֆ Մրատ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը երէկ` երկուշաբթի, 5 դեկտեմբերին հրապարակեց Լիբանանի հեծելանւորդներուն 2016 տարուան մեծերու եւ կրտսերներու վերջնական դասաւորումը` հիմնուելով նախորդ ամիս Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով տեղի ունեցած...

Ճատրակ. Վլատիմիր Յակոբեան Տիտղոսակիր` Տուպայի Մէջ

Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի անդամ, կրանտմասթըր Վլատիմիր Յակոբեան նախորդ շաբաթավերջին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տիրացաւ Տուպայի արագ ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին: Ան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 8 կէտ: Թէեւ նոյնքան կէտ ապահովեց Սպանիան ներկայացնող Վիքթոր Մոսքալենքոն, սակայն լրացուցիչ ցուցանիշներով հայ ճատրակ խաղացողը հանդիսացաւ առաջին: Մրցաշարքին մասնակցեցան 25 երկիրներէ 180 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 3 կրանտմասթըրներ եւ 3 միջազգային վարպետներ:

Գեւգէոզեան Նշանակեց Աթլեթիքոյի Միակ Կոլը

Քոլոմպիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ Պուքարամանկա հիւրընկալեց Տեփորթիւօ Քալին: Երթի մրցումին կոլի եւ կոլի փոխանցման հեղինակ դարձած Մաուրօ Գեւգէոզեան այս մրցումին եւս փայլելով նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը, որուն շնորհիւ անոր կազմը` Աթլեթիքօ, հասաւ կիսաւարտականին: Թէեւ հիւրընկալ կազմը Ա. կիսախաղին ի՛նք բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն Գեւգէոզեան 76-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին կոլը:

«Էն. Պի. Էյ.». Ռասըլ Ուեսթպրուք Կրկնեց Մայքըլ Ճորտընի Կատարածը

Ռասըլ Ուեսթպրուք «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Օքլահոմա Սիթի 101-92 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Օրլինզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն 28 տարեկան Ռասըլ Ուեսթպրուք, որ այս մրցումին նշանակեց 28 կէտ, 17 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ, 1989-էն ետք հանդիսացաւ առաջին մարզիկը, որ թրիփըլ-տապըլ մը կ՛իրագործէ` յաջորդաբար 5-րդ մրցումն ըլլալով: Ան այս տարեշրջանին, այս մէկը կ՛իրագործէ 10-րդ անգամն ըլլալով:...

Հարաւային Ամերիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Շափեքոյենսէ Պաշտօնապէս Հռչակուեցաւ Տիտղոսակիր

Միջազգային լրատուամիջոցները երէկ յայտարարեցին, որ Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ պրազիլական Շափեքոյենսէ հանդիսացաւ Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի բաժակի տիտղոսակիր: Այս քայլը առնուեցաւ չսպասելով աւարտական մրցումին` նկատի ունենալով, որ նախքան քոլոմպիական Աթլեթիքօ Նասիոնալի դէմ կատարուելիք աւարտական ճակատումը, պրազիլական ակումբին մարզիկները զոհ գացին օդանաւի արկածի մը: Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Շափեքոյենսէին պիտի յատկացուի 2 միլիոն ամերիկեան տոլար` իբրեւ պարգեւատրում:...

Իր Կատարելիք Վերջին Մրցումին. Պրազիլի Ախոյեան Փալմէյրաս Դաշտ Պիտի Ներկայանայ Շափեքոյենսէի Մարզաշապիկով

Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանին, երկրին նոր ախոյեանը` Փալմէյրաս, դաշտ պիտի ներկայանայ Շափեքոյենսէի մարզաշապիկով, այսպիսով յարգանքի իր տուրքը մատուցելով վերոնշեալ ակումբին, որուն մարզիկներն ու մարզիչները քանի մը օր առաջ զոհ գացին օդանաւի արկածի մը: Նշենք, որ նախորդ 27 նոյեմբերին, նախավերջին հանգրուանին Փալմէյրաս 1-0 արդիւնքով յաղթելով նոյնինքն Շափեքոյենսէի, ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը: Վիթորիա - Փալմէյրաս ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումը տեղի պիտի ունենայ...

Պըրժ Այնթուրա Ակումբի Ընտրութիւններ

Ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչին, տեղի ունեցան Պըրժ Այնթուրա ակումբին ընտրութիւնները: Մրցակից կազմի չգոյութեան պատճառով, իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած անհատները առանց քուէարկութեան ընտրուեցան` յառաջիկայ չորս տարիներուն պաշտօնավարելու համար: Ընտրութենէն ետք տեղի ունեցաւ պաշտօններու բաժանում` հետեւեալ ձեւով. Հայր Սըմաան Ժամիլ (նախագահ), Ղազի Պուսթանի (փոխնախագահ), Անթուան Շիտիաք (ընդհանուր քարտուղար), Հայր Միտհաթ Ժարաս (գանձապահ), Ալեն Հարֆուշ, Զէյնա Հըլու, Ռապիհ Ռաայտէ, Մարք Խալիֆէ,...

Արժանթինցի Ֆութպոլիստը 22 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Արժանթինի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող` Տեփորթիւօ Մերլօ ակումբի ֆութպոլիստ Էմանուէլ Ֆրանսես 22 մրցումով կախակայուեցաւ օրուան կին իրաւարարին` Մարին Ռոքոյին հարուածած ըլլալուն համար, այս մասին կը յայտնէ elespectador.com: Այս միջադէպը տեղի ունեցած է նախորդ 20 հոկտեմբերին, Արխենթինօ տէ Քիլմեսի դէմ տեղի ունեցած մրցումին: Մինչ Ռոքօ, որ կողմի իրաւարարներէն մէկն էր, երկու կազմերուն մօտ գալով կը փորձէր լարուած մթնոլորտը հանդարտեցնել, կռնակէն...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Երթի Մրցումները Աւարտեց 8-րդ Դիրքին Վրայ

  Երէկ` կիրակի, 4 դեկտեմբերին, աւարտեցան Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան երթի մրցումները, երբ տեղի ունեցան 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի հանդիպումները: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Շապապ Ղազիէն, կրեց տարեշրջանի իր 5-րդ պարտութիւնը` 4-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 3-0) եւ երթի մրցումները աւարտեց 8-րդ դիրքին վրայ: Ստորեւ` երթի մրցումներուն վերջնական դասաւորումը. ԿԷՏ Յ. Հ. Պ....

Շաբաթ, 19 Սեպտեմբերին.  Պասքեթպոլի Յատուկ Փորձեր` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի Կատարելիք Երթի Մրցումներուն Յայտագիրը

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին հրապարակուեցաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի երթի մրցումներուն ամբողջական յայտագիրը: ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը երթի մրցումներուն չորսը պիտի կատարէ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, մրցում մը ունի կատարելիք Թրիփոլիի «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ, ինչպէս նաեւ մէկական մրցում` Ֆուատ Շեհապի, Միշել Մըրի եւ Մանարայի դաշտերուն վրայ: Ստորեւ` ՀՄԸՄ-ի կատարելիք երթի մրցումներուն...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  – «Քլասիքօ»-ն Աւարտեցաւ 1-1 Արդիւնքով. Ռէալ Մատրիտ  Մնաց Անպարտելի

Եւրոպական Ֆութպոլ. – «Քլասիքօ»-ն Աւարտեցաւ 1-1 Արդիւնքով. Ռէալ Մատրիտ Մնաց Անպարտելի

Մխիթարեանը Փոխարինած Ֆելլայնի Պատճառ Դարձաւ Փենալթիին Ռէալ Մատրիտի մարզիկները կը տօնեն Սերճիօ Ռամոսի նշանակած կոլը Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ամէնէն կարեւոր ճակատումը բնականաբար եղաւ սպասուած «Քլասիքօ»-ն, որուն ընթացքին աւելի քան 98 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան Պարսելոնա հիւրընկալեց Ռէալ Մատրիտը: Պարսելոնա անպայման կարիքը ունէր յաղթանակի, այլապէս Ռէալ Մատրիտ պարագլուխի իր դիրքը պիտի ամրապնդէր` 9 կէտի առաւելութեամբ: Թէեւ 53-րդ վայրկեանին...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 4-րդ Դիրքին Վրայ

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 4 դեկտեմբերին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ, Ռաուտա), ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 7-4 արդիւնքով յաղթելէ ետք «Ճէյ. Էս. Քէյ.»-ին երթի մրցումները աւարտեց 4-րդ դիրքին վրայ, իր կատարած տասը (բոլոր կազմերուն նման) մրցումներէն ապահովելով 18 կէտ: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Անդրանիկ Կարապետեան (2 կոլ), Շանթ Պալեան, Սերժ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի – Մէյրուպա

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – Մէյրուպա

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանը կը սկսի այսօր` Ռիատի - Մէյրուպա բացման մրցումով, որ տեղի կ՛ունենայ Մանարայի մէջ: Իր կատարած առաջին մրցումին, Ռիատի պարտուեցաւ Շանվիլէն (83-70), մինչ Մէյրուպա յաղթեց Սաժեսի 85-69: Ա. հանգրուանը վերջ գտաւ երէկ, երբ Թատամոն 93-86 արդիւնքով յաղթեց Հուփսի, իսկ նախանցեալ օր Պիպլոս յաղթեց Մութթահետի (83-78):

Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ

Երէկ` կիրակի, 4 դեկտեմբերին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները, ներկայութեամբ` Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն` Ալի Խալիլի եւ Եամեն Տամըժի: Այս ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 101 ակումբներէն 80-ը, ինչ որ ընտրութիւններուն օրինականութիւնը ապահովեց: 11 աթոռի համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին 20 անձեր: Սակայն նախքան ընտրութիւնները իրենց առաջադրած թեկնածութիւնը յետս կոչեցին 6...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Շապապ Ղազիէ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ Շապապ Արապի, որ Սաֆայի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռիատա Ուալ Ատապը, 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ամրապնդեց իր երկրորդ դիրքը` ունենալով 23 կէտ: Առաջին դիրքին վրայ գտնուող Իսլահ Պըրժ Շիմալի, որ իր մրցումը կը կատարէ վաղը, ունի 25 կէտ: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը այս հանգրուանի իր մրցումը պիտի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մէյրուպա Յաղթեց Սաժեսին` 85-69 Արդիւնքով

Երթի Մրցումներուն Ամբողջական Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ Երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Սաժես, որ իր դաշտին` Ղազիրի մէջ հիւրընկալեց Մէյրուպան, պարտութեամբ սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ 85-69 արդիւնքով տեղի տուաւ իր հիւրին դիմաց: Մէյրուպայի արձանագրած այս յաղթանակը անոր համար նկատուեցաւ պատմական, որովհետեւ անիկա իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէր Ա. դասակարգի...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Այսօր` Պարսելոնա - Ռէալ Մատրիտ Սպասուած «Քլասիքօ»-ն Այս շաբաթ եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք կարեւորագոյն ճակատումը եւ բոլորին ուշադրութեան առարկան պիտի ըլլայ Պարսելոնա - Ռէալ Մատրիտ «Քլասիքօ»-ն, որ տեղի պիտի ունենայ «Քամփ Նու»-ի մէջ եւ պիտի սկսի ժամը 17:15-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Ռէալ Մատրիտ այժմ 6 կէտով կը գերազանցէ Պարսելոնան եւ ցարդ անպարտելի կը մնայ: Եթէ մայրաքաղաքի կազմը այսօր յաղթանակ...

Պասքեթպոլ. Ուրարտու Դադրեցուց Իր Գոյութիւնը

Երեւանի Ուրարտու տղոց պասքեթպոլի ակումբը, չկարենալով դուրս գալ իր դիմագրաւած վիճակէն, դադրեցուց իր գոյութիւնը: Ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Ուրարտու ի վիճակի չէ շարունակել իր ելոյթները` իր դիմագրաւած տնտեսական ծանր վիճակին պատճառով: Երէկ հայկական ակումբը պաշտօնապէս դիմեց Ռուսիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, որպէսզի դուրս գայ Ռուսիոյ «Սուփըր-լիկա-1»-էն: Խումբը այս ախոյեանութեան ծիրին մէջ իր կատարած 9 մրցումներն ալ աւարտեց...

Ըմբշամարտ. Տաշիր Պարտուեցաւ Երրորդ Դիրքին Համար Իր Մղած Պայքարին Ընթացքին

Ուքրանական Խարքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանը ներկայացնող Տաշիր երրորդ դիրքին համար իր մղած պայքարին 6-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց ուքրանական Զտորովիեցէն: Նշենք, որ կիսաւարտականին հայ ըմբիշները 8-0 արդիւնքով պարտուած էին իրանեան Ռազիէն: Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 50 հազար ամերիկեան տոլար: Տաշիր, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով կը մասնակցէր այս ախոյեանութեան,...

«Ֆորմիւլա-1». Նիքօ Ռոզպըրկ Վերջ Դրաւ Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին

«Ֆորմիւլա-1»-ի 2016-ի նորընծայ ախոյեան, գերմանացի Նիքօ Ռոզպըրկ երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ վերջ կը դնէ իր արհեստավարժ ասպարէզին: 31 տարեկան Ռոզպըրկ նախորդ շաբաթավերջին առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Ան, տիրանալով 23 կրան փրիներու, 57 անգամ բարձրացաւ փոտիում: Նշենք, որ ան 2014-ին եւ 2015-ին հանդիսացաւ փոխախոյեան:

Page 1036 of 1276 1 … 1,035 1,036 1,037 … 1,276

Արխիւներ