«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Օքլահոմա Սիթի 101-92 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Օրլինզին:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն 28 տարեկան Ռասըլ Ուեսթպրուք, որ այս մրցումին նշանակեց 28 կէտ, 17 ռիպաունտ եւ 12 էսիսթ, 1989-էն ետք հանդիսացաւ առաջին մարզիկը, որ թրիփըլ-տապըլ մը կ՛իրագործէ` յաջորդաբար 5-րդ մրցումն ըլլալով: Ան այս տարեշրջանին, այս մէկը կ՛իրագործէ 10-րդ անգամն ըլլալով:
Նշենք, որ Շիքակօ Պուլզի նախկին մարզիկ Մայքըլ Ճորտըն 1989-ին թրիփըլ-տապըլ իրագործած էր յաջորդական 7 մրցումի ընթացքին:
Նիւ Օրլինզի մաս կազմող Անթոնի Տէյվիս երէկուան այս մրցումին նշանակեց 37 կէտ:
36 կէտ նշանակեց Տեմարքուս Քուսինս, թէեւ անոր կազմը` Սաքրամենթօ Քինկզ, 106-98 արդիւնքով պարտուեցաւ Նիւ Եորք Նիքսէն:
Տիթրոյիթ Փիսթընզ 98-92 արդիւնքով յաղթեց Տիթրոյիթ Փիսթընզին, իսկ երէկուան չորրորդ եւ վերջին մրցումին Ինտիանա Փէյսըրզ 111-102 արդիւնքով յաղթեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզի:
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Տենվըր Նակեթց
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Պրուքլին Նեթց – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Աթլանթա Հոքս – Օքլահոմա Սիթի
Շիքակօ Պուլզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Միլուոքի Պաքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Նիւ Օրլինզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Պոսթըն Սելթիքս
Տալաս Մավըրիքս – Շարլոթ Հոռնեթց
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Եութա Ճեզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ