Միջազգային լրատուամիջոցները երէկ յայտարարեցին, որ Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ պրազիլական Շափեքոյենսէ հանդիսացաւ Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի բաժակի տիտղոսակիր:
Այս քայլը առնուեցաւ չսպասելով աւարտական մրցումին` նկատի ունենալով, որ նախքան քոլոմպիական Աթլեթիքօ Նասիոնալի դէմ կատարուելիք աւարտական ճակատումը, պրազիլական ակումբին մարզիկները զոհ գացին օդանաւի արկածի մը:
Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ Շափեքոյենսէին պիտի յատկացուի 2 միլիոն ամերիկեան տոլար` իբրեւ պարգեւատրում: