Արժանթինի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող` Տեփորթիւօ Մերլօ ակումբի ֆութպոլիստ Էմանուէլ Ֆրանսես 22 մրցումով կախակայուեցաւ օրուան կին իրաւարարին` Մարին Ռոքոյին հարուածած ըլլալուն համար, այս մասին կը յայտնէ elespectador.com:
Այս միջադէպը տեղի ունեցած է նախորդ 20 հոկտեմբերին, Արխենթինօ տէ Քիլմեսի դէմ տեղի ունեցած մրցումին:
Մինչ Ռոքօ, որ կողմի իրաւարարներէն մէկն էր, երկու կազմերուն մօտ գալով կը փորձէր լարուած մթնոլորտը հանդարտեցնել, կռնակէն հարուած մը ստացաւ Ֆրանսեսէն: