Երթի Մրցումներուն Ամբողջական Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Սաժես, որ իր դաշտին` Ղազիրի մէջ հիւրընկալեց Մէյրուպան, պարտութեամբ սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ 85-69 արդիւնքով տեղի տուաւ իր հիւրին դիմաց:
Մէյրուպայի արձանագրած այս յաղթանակը անոր համար նկատուեցաւ պատմական, որովհետեւ անիկա իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէր Ա. դասակարգի ախոյեանութեան եւ առաջին իսկ մրցումին յաղթանակ մը կ՛արձանագրէր:
Թէեւ Սաժեսին մաս կազմող Թերել Սթոկլին նշանակեց իր ակումբին կէտերուն ճիշդ կէսը (35 կէտ եւ 8 ռիպաունտ), բայց անոր կազմը պարտուեցաւ: Անոր խմբակից Ռաթքօ Վարտա նշանակեց 1 կէտ եւ 13 ռիպաունտ:
Մէյրուպայէն Քալվին Քէյճ նշանակեց 24 կէտ, մինչ անոր խմբակիցներ Ճոն Պոհանոն եւ Թոմ Ամմար` յաջորդաբար 22 եւ 17 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն այսօր` շաբաթ, 3 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ Մութթահետ կը հիւրընկալէ Պիպլոսը, մինչ այս հանգրուանը կ՛աւարտի վաղը, երբ միեւնոյն ժամուն Թատամոն «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ կը հիւրընկալէ Հուփսը:
Այլ գետնի վրայ, երէկ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի մրցումներուն ամբողջական յայտագիրը:
Երթին ՀՄԸՄ իր դաշտին` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ 4 մրցում ունի կատարելիք:
ՀՄԸՄ-ի եւ կարգ մը այլ կարեւորագոյն մրցումներուն կ՛անդրադառնանք յառաջիկային: