Մարզական

Թենիս. Ճոքովիչ – Պեքըր Բաժանում

Թենիսի միջազգային տղոց դասաւորման մէջ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ յայտնեց, որ պիտի չշարունակէ համագործակցիլ իր մարզիչին` Պորիս Պեքըրի հետ: «Վերջին 3 մրցաշարքերուն ոչ այդքան փայլուն արդիւնքներ արձանագրելէ ետք, որոշեցինք բաժնուիլ իրարմէ», ըսաւ Ճոքովիչ:

Տարմսթատ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Նորպերթ Մեյեր «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Տարմսթատ շաբաթասկիզբին պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` Նորպերթ Մեյերը եւ ակումբին թեքնիք տնօրէնը` Հոլկեր Ֆախը: Գերմանական կազմը նոր մարզիչ նշանակեց Ռամոն Պեռնտրոթը: Նշենք, որ ընթացիկ ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք խումբը 8 կէտով կը գրաւէ 16-րդ դիրքը:

Լեւանտովսքի Պիտի Երկարաձգէ Իր Պայմանագրութիւնը

երմանական Պայէրն Միւնիխի եւ Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի Պայէրնի հետ իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ մինչեւ 2021: Այս մասին յայտարարեց 28 տարեկան ֆութպոլիստին գործակալը` Մարք Փարթել, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ ախոյեանը: Նշենք, որ անոր գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2019-ին: Պունտըսլիկայի 13 մրցումի ընթացքին ան ցարդ նշանակած է 9 կոլ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ – Լուէյզի` 92-94

Երէկուան մրցումէնPROFOTO Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումները շարունակուեցան երէկ, երբ Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ հիւրընկալեց Լուէյզին: Շանվիլ, որ իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրած էր ախոյեան Ռիատիի դէմ (83-70), երէկուան այս մրցումին կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 94-92 արդիւնքով (22-22, 41-49, 61-72 եւ 92-94): Ինչ կը վերաբերի Լուէյզիի, որ իր կատարած առաջին մրցումին պարտուած էր...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը եւ տուաւ համապատասխան որոշումներ: Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանան պիտի կատարէ ֆութսալի բարեկամական երկու մրցում` Իրաքի դէմ (20 տարեկանէն վար), 24 եւ 27 յունուար 2017-ին, Լիբանանի մէջ: Իսկ Լիբանանի պիչ-ֆութպոլի խումբը Իրանի դէմ (վերջինիս դաշտին վրայ) պիտի կատարէ բարեկամական մրցում մը` 26-30 դեկտեմբեր 2016-ի ժամանակամիջոցին: Ֆետերասիոնը իր հաւանութիւնը...

Ծանրաբարձութիւն. Դաւիթ Յովհաննիսեան` Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեան

Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 20 եւ 23 տարեկանէն վար երիտասարդական ախոյեանութեան ծիրին մէջ Հայաստան տիրացաւ իր առաջին մետալին: 20 տարեկանէն վար 77 քկ դասակարգին մէջ, Դաւիթ Յովհաննիսեան բարձրացնելով ընդամէնը 326 քկ (149+177), հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: 23 տարեկանէն վար, Սմբատ Մարգարեան (56 քկ) գրաւեց 6-րդ դիրքը, մինչ Իզապելլա Եալեան (58 քկ)` 5-րդ դիրքը, Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան, կը տեղեկացնէ News.am-Sport կայքը:

10-19 Յուլիսին.  Հայաստանի 17 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականին Փորձերը

12 Փետրուար 2017-ին. Հայաստան Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում Մը Պիտի Կատարէ Անթալիոյ Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ 12 փետրուար 2017-ին Հայաստանի ազգային հաւաքականը ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Անթալիոյ մէջ (Թուրքիա) պիտի մրցի Ուզպեքիստանի դէմ: ՖԻՖԱ-ի միջազգային դասաւորման մէջ Հայաստան կը գրաւէ 85-րդ դիրքը, իսկ Ուզպեքիստան` 62-րդ դիրքը: Երկու կազմերը նախապէս իրարու դէմ յանդիման եկած են Երեւանի մէջ` 25 մայիս 2010-ին, եւ հայրենի կազմը արձանագրած է 3-1 արդիւնքով...

Երկուշաբթի, 12 Դեկտեմբերին.  Փիեռ Քահիա Պիտի Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Երկուշաբթի, 12 Դեկտեմբերին. Փիեռ Քահիա Պիտի Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Ինչպէս ծանօթ է, 15 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Շուրջ շաբաթ մը առաջ իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Աքրամ Հալապի պաշտօնապէս առաջադրեց իր թեկնածութիւնը նախագահի պաշտօնին համար: Նկատի ունենալով, որ համաձայնութիւն չգոյացաւ համախոհական ցանկ մը կազմելու, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ Փիեռ Քահիա իր կարգին երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) պիտի...

Ճատրակ.  Ֆայսալ Խէյրալլա Հանդիսացաւ Լիբանանի Ախոյեան

Ճատրակ. Ֆայսալ Խէյրալլա Հանդիսացաւ Լիբանանի Ախոյեան

Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը 2016 տարեշրջանը աւարտեց Լիբանանի ճատրակի տղոց անհատական ախոյեանութեամբ, որ տեղի ունեցաւ Թանմիա Պէյրութ ակումբին մէջ (Քասքասի շրջան): Ֆայսալ Խէյրալլա հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` ապահովելով 8,5 կէտ: 41 տարեկան Խէյրալլա 8-րդ անգամ ըլլալով կը հանդիսանայ ախոյեան: 2-րդ դիրքը գրաւեց Ամրօ Ժաուիշ (7,5 կէտ), իսկ 3-րդ դիրքը` Ահմետ Նաժժար (7,5 կէտ): Ուշագրաւ եղաւ այս ախոյեանութեան Ճիօ Գալուստի (13 տարեկան) մասնակցութիւնը,...

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Զորիա – Մանչեսթըր Եունայթըտ

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, այսօր Ա. խմբակին մաս կազմող Մանչեսթըր Եունայթըտ, հիւրը պիտի ըլլայ Զորիայի (Ուքրանիա): Մրցումը պիտի սկսի ժամը 20:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Անգլիական կազմը երէկ 19 մարզիկով մեկնեցաւ Ուքրանիա` այս մրցումին համար: Այդ 19 մարզիկներուն մէջ է նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ քանի մը մրցումէ ի վեր դարձեալ նկատի կ՛առնուի...

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Չկրցաւ Յաղթել Իր Հիւրին` Պորուսիա Տորթմունտին

Փիեռ - Էմերիք Օպամեյանկ Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը երէկ գիշեր հասաւ իր աւարտին, երբ ութ խմբակներուն մաս կազմող բոլոր խումբերն ալ կատարեցին իրենց 6-րդ մրցումը եւ այսպիսով յստակացան փլէյ-օֆի հասնող բոլոր խումբերը: Երէկ գիշերուան կարեւորագոյն մրցումը տեղի ունեցաւ «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ, երբ 80 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Ռէալ Մատրիտ հիւրընկալեց Պորուսիա Տորթմունտը: Գերմանական կազմը յաղթանակի համազօր...

«Ֆրանս Ֆութպոլ»-ի Մրցանակ. Տիտղոսակիրին Անունը Յայտնի Կը Դառնայ 12 Դեկտեմբերին

  12 դեկտեմբերին յայտնի կը դառնայ «Ֆրանս ֆութպոլ» պարբերաթերթին կողմէ ամէն տարի կազմակերպուող «Ոսկիէ գնդակ»-ի մրցանակի տիտղոսակիրին անունը. սոյն մրցանակը կը յանձնուի աշխարհի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստին: Նախապէս հաղորդուած էր, որ յաղթական ֆութպոլիստին անունը պիտի յստականայ 13 դեկտեմբերին:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Շանվիլ – Լուէյզի

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Հուփս այս անգամ իր հիւրէն Մութթահետէն, կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը` 82-74 արդիւնքով: Իր կատարած առաջին մրցումին, Հուփս պարտուած էր Թատամոնէն (93-86), մինչ Մութթահետ, պարտուած էր Պիպլոսէն, 83-78 արդիւնքով: Այսօր Շանվիլ իր դաշտին վրայ կը կատարէ յաջորդական իր երկրորդ մրցումը` հիւրընկալելով Լուէյզին, ժամը 21:40-ին: Իր առաջին մրցումին,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Լուէյզի 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Անդրանիկ Պէյրութը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբերին Կը Սկսի Աղջկանց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի մրցումներուն յայտագիրը: Ախոյեանութիւնը կը սկսի երեքշաբթի, 13 դեկտեմբերին: Ստորեւ` առաջին երեք հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը. Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 13 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Ռիատի - Շեպիպէ 20:00 Մանարա ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ.     Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ - Անդրանիկ Պէյրութ 19:30 Տեմիրճեան ՈՒՐԲԱԹ, 16 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ.     Թատամոն -...

«Չեմփիընզ Լիկ». Տինամօ Քիեւ 6-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Պեշիքթաշը

Այսօր` Ռէալ Մատրիտ - Պորուսիա Տորթմունտ Ռոպերթ Լեվանտովսքի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան ութ ճակատումներ եւ այսպիսով աւարտեցան առաջին չորս խմբակներուն մրցումները: Այսօր կ՛աւարտին խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումները, մնացեալ չորսին միջեւ: Երէկուան մրցումներուն մեծագոյն յաղթականը եղաւ Տինամօ Քիեւ, որ 6-0 արդիւնքով ջախջախեց իր հիւրը` Պեշիքթաշը: Պարսելոնա 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Մէօնշընկլատպախը, մինչ Պայէրն...

«Էն. Պի. Էյ.». Հիւրընկալ 11 Խումբերէն 9-ը` Պարտուեցան

Քլէյ Թոմսըն Նշանակեց 60 Կէտ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումները ակնկալուածին չափ յաջող չեղան հիւրընկալ խումբերուն համար` նկատի ունենալով, որ 11-էն 9-ը պարտուեցան իրենց հիւրերէն: Հիուսթըն Ռոքեթց, կէտի մը տարբերութեամբ միայն, 107-106 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պոսթըն Սելթիքսին, իսկ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ կէտերու մեծ տարբերութեամբ` 142-106 արդիւնքով, Ինտիանա Փէյսըրզին: Նշենք, որ Ռոքեթցի մարզիկ` Ճէյմզ Հարտեն...

Ակուերօ Եւ Ֆերնանտինիօ Կախակայուեցան

Մանչեսթըր Սիթիի արժանթինցի յառաջապահ Սերճիօ Ակուերօ, Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ 4 մրցումով կախակայուեցաւ Չելսիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի 14-րդ հանգրուանին, պրազիլցի Տաւիտ Լուիսի դէմ իր կոշտ խաղարկութեան պատճառով, որուն իբրեւ հետեւանք կարմիր քարտ մը ստացաւ: Ան պիտի բացակայի Լայսթըր Սիթիի, Ուաթֆորտի, Արսենալի եւ Հալ Սիթիի դէմ տեղի ունենալիք մրցումներէն: Իր կարգին, կախակայուեցաւ Սիթիի անոր պրազիլցի խմբակիցը, պրազիլցի միջնապահ` Ֆերնանտինիօ...

Արժանթինի Մէջ Իրաւարարը Յարձակումի Ենթարկուեցաւ

Արժանթինի մէջ տեղի ունեցած Սարմիենթօ - Սանսինենա մրցումին ընթացքին օրուան կեդրոնի իրաւարարը յարձակումի ենթարկուեցաւ հիւրընկալ կազմին մարզիկներուն եւ անոր համակիրներուն կողմէ: Սարմիենթոյի մարզիկներն ու համակիրները մեծապէս զայրացան, երբ իրաւարարը իրենց կազմին ի նպաստ փենալթի մը չսուլեց, որմէ ետք հիւր կազմը հակայարձակումով մը կոլ նշանակեց: Այս միջադէպէն ետք մրցումը ընդհատուեցաւ եւ իրաւարարը, ոստիկաններուն հսկողութեան տակ, դաշտէն դուրս բերուեցաւ:  

Լիոնի Բերդապահը Լսողութեան Հարցեր Ունեցաւ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Մես-Լիոն Լիկ-1-ի մրցումը (16-րդ հանգրուան) մնաց կիսատ` նկատի ունենալով, որ հիւրընկալ կազմին համակիրները պայթուցիկ նիւթեր նետեցին Լիոնի փորթուգալցի բերդապահ` Անթոնի Լոփեսի վրայ: Լիոնի կողմէ երէկ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, թէ բժիշկները տեղեկացուցին, որ Լոփես այժմ լսողութեան հարցեր ունի եւ կարիք ունի երկու շաբթուան բուժումի` ապագային այլ բարդոյթներ չդիմագրաւելու համար: Այդ պատահածէն ետք, Լիոնի մարզիկները դաշտը լքելով...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Լուէյզի 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Անդրանիկ Պէյրութը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Հուփս – Մութթահետ

Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 6 դեկտեմբերին տեղի կ՛ունենայ Հուփս - Մութթահետ մրցումը, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ: Երկու կազմերն ալ իրենց կատարած առաջին մրցումին պարտութիւն կրած են, Հուփս` Թատամոնէն (93-86), իսկ Մութթահետ` Պիպլոսէն (83-78): Երկու կազմերն ալ պիտի փորձեն արձանագրել տարեշրջանի իրենց առաջին յաղթանակը: Նշենք, որ Բ. հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ գիշեր Ռիատի...

Page 1035 of 1276 1 … 1,034 1,035 1,036 … 1,276

Արխիւներ