Մարզական

Պարսելոնա Եւ Ռէալ Մատրիտ Քլասիքոյին Ամբողջ Հասոյթը Պիտի Տրամադրեն Շափեքոյենսէին

Աշխարհի տարբեր ակումբներ կը շարունակեն աջակցիլ պրազիլական Շափեքոյենսէ ֆութպոլի ակումբին, որուն մարզիկները զոհ գացին զիրենք փոխադրող օդանաւի ջախջախումին: «Միտիարիօ» կը յայտնէ, որ այս անգամ Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ կ՛ուզեն զօրակցիլ անոր: Սպանական երկու անուանի ակումբները որոշեցին այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք «Քլասիքօ»-ին ամբողջ հասոյթը տրամադրել Շափեքոյենսէին, որպէսզի ակումբը կարենայ շարունակել իր գործունէութիւնը:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Տարեշրջանը Սկսաւ Յաղթելով Լուէյզիի` 75-72 Արդիւնքով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Տարեշրջանը Սկսաւ Յաղթելով Լուէյզիի` 75-72 Արդիւնքով

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Լուէյզի Սանթրալի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը: ՀՄԸՄ տարեշրջանը սկսաւ յաղթանակով, երբ բաւական պայքարող կազմի մը դէմ արձանագրեց 75-72 արդիւնքով յաղթանակ մը, հակառակ անոր որ առաջին երկու քորթըրներուն քիչ մը ուշացած էր (23-17, 38-33, 50-53 եւ 72-75): Քեւին Կալոուէյ (կեդրոնը, թիւ 13) ՀՄԸՄ-ի մարզիկ Քեւին...

Դաւիթ Թորոսեան Նշանակուեցաւ Հայաստանի Կռփամարտի Հաւաքականի Գլխաւոր Մարզիչ

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի 9-րդ համագումարին ընթացքին, Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Արթուր Գէորգեան յայտարարեց, որ Դաւիթ Թորոսեան նշանակուեցաւ տղոց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ: Ան այսպիսով պիտի փոխարինէ Կարէն Աղամալեանը, որ նախորդ տարի զինք փոխարինած էր:  

Քարաթէ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Տիրացաւ 4 Մետալի

Հայաստանի տղոց խումբը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հոլանտայի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի քարաթէի ախոյեանութեան, տիրացաւ 4 մետալի, կը յայտնէ Հայաստանի քարաթէի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Ռաֆայէլ Վարդանեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան, Արթուր Ասրեան տիրացաւ արծաթ մետալին, մինչ Հայկ Մկրտումեան եւ Արթուր Առուշանեան արժանացան պրոնզ մետալներու: Նշենք, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան մասնակցեցաւ 4 մարզիկով:

Մխիթարեան Կը Փայլի Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան իր ակումբին` Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ մասնակցեցաւ Ուեսթ Համի դէմ կատարուած Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումին, որուն ընթացքին Եունայթըտ 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, ուր կը ճակատի Հալ Սիթիի դէմ: Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Սաութհեմփթընը եւ Լիվըրփուլը: Ուեսթ Համի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, հայրենի...

Արթուր Ալեքսանեան Պարգեւատրուեցաւ

Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան երէկ հիւրն էր մանկավարժական համալսարանին, կը յայտնէ aspu.am կայքը: Յունահռոմէական ոճի ըմբիշը հանդիպում ունեցաւ համալսարանի ուսանողներուն հետ, ինչպէս նաեւ պարգեւատրուեցաւ «Մանկավարժական համալսարան» մետալով:

«Էն. Պի. Էյ.». Ուեսթպրուքի Յաջորդական Չորրորդ Թրիփըլ-Տապըլը

Ռասըլ Ուեսթպրուք «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան ինը մրցումներ, մինչ 10-րդ մրցումը յետաձգուեցաւ: Օքլահոմա Սիթի, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը, երկարաձգումէն ետք արձանագրեց 126-115 արդիւնքով յաղթանակ մը, որ եղաւ տարեշրջանի 12-րդը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք, այս մրցումին կատարեց յաջորդական իր չորրորդ թրիփըլ տապըլը` նշանակելով 35 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 11 էսիսթ: Սակայն...

Ճատրակ. Քարլսըն Թայ-Պրէյքով Յաղթեց Քարժաքինի Եւ Իր Մօտ Պահեց Ախոյեանութեան Տիտղոսը

Երէկ Նիւ Եորքի մէջ աւարտեցաւ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին համար մղուող պայքարը, նորվեկիացի գործող ախոյեան Մակնիւս Քարլսընի եւ ռուս Սերկէյ Քարժաքինի միջեւ: Նորվեկիացին տիտղոսը յաջողեցաւ պահել իր մօտ, երբ թայպրէյքով յաղթեց իր մրցակիցին եւ պաշտպանեց աշխարհի ախոյեանի կոչումը` տանելով վերջնական յաղթանակը` 9-7 արդիւնքով: Նշենք, որ թայ պրէյքի այս մրցումը տեղի ունեցաւ 4` արագ ճատրակի կանոններով:

Սաութկէյթ` Պաշտօնապէս Անգլիոյ Մարզիչ

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ Կերըթ Սաութկէյթ պաշտօնապէս ստանձնեց Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը: Սաութկէյթ, որ փոխարինեց պաշտօնանկ եղած Սեմ Էլըրտայսը, 4 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ֆետերասիոնին տոմարներուն վրայ:

Պէյլ Մինչեւ Ապրիլ 2017 Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Ռէալ Մատրիտի կալեսցի յառաջապահ Կերըթ Պէյլ, որ երէկ Լոնտոնի մէջ ենթարկուեցաւ վիրաբուժութեան, մինչեւ ապրիլ 2017 պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, յայտնեց «ԱՍ»: Ան վիրաւորուեցաւ նախորդ 22 նոյեմբերին, Սփորթինկ Լիզպոնի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Նշենք, որ նախապէս կը նշուէր, որ ան առաւելագոյնը 2-3 ամիսով միայն պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, մինչ երէկ ի յայտ եկաւ, որ ան...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Լուէյզի – ՀՄԸՄ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 1 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի կազմը հիւրը կ՛ըլլայ Լուէյզիի: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 17:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Սանթրալի դաշտին վրայ (Ժունիէ): Լիբանանի տղոց ազգային խումբին, Ռիատի Պէյրութի եւ շարք մը այլ ակումբներու մաս կազմած նախկին մարզիկ Ֆատի Խաթիպ այսօր իր առաջին պաշտօնական մրցումը պիտի կատարէ ՀՄԸՄ-ի հետ: Բնականաբար,...

Քոնկ Ֆու – Ուու Շու.  ՀՄԸՄ Անթիլիասէն 6 Մարզիկներ Մասնակցեցան Լիբանանի Անկախութեան Տօնի Մրցաշարքին

Քոնկ Ֆու – Ուու Շու. ՀՄԸՄ Անթիլիասէն 6 Մարզիկներ Մասնակցեցան Լիբանանի Անկախութեան Տօնի Մրցաշարքին

  Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, կիրակի, 27 նոյեմբերին, Ափոթրը վարժարանին մէջ (Ժունիէ) Լիբանանի անկախութեան տօնի բաժակի մրցաշարքի ծիրին մէջ տեղի ունեցան Քինտայի մրցումները: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղէն 6 մարզիկներ: Անոնցմէ երկուքը տիրացան մետալներու: Լոռի Պզտիկեան տիրացաւ արծաթ մետալի, մինչ Նայա Խուրի` պրոնզ մետալի:  

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի  Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն  Բարեփոխուած Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած Ֆութպոլի եւ մինի պասքեթպոլի մրցաշարքի երկրորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ շաբաթավերջին. շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2016-ին տեղի կ՛ունենայ նաեւ ֆութպոլի մրցումները, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ, իսկ կիրակի, 4 դեկտեմբեր 2016-ին` մինի պասքեթպոլի մրցումները, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ստորեւ ներկայացուած յայտագիրին հիմամբ. Շաբաթ, 3 դեկտեմբեր 2016 (Ֆութպոլ) 14:00...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Կիրակի, 4 Դեկտեմբերին` ՀՄԸՄ Ժունիէ – Էներժի

ՀՄԸՄ-ի Ժունիէի աղջկանց կազմը Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան, 2015-2016 տարեշրջանի մրցումները, որոնք կ՛ընթանան նաք-աութի դրութեամբ: Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Ժունիէ, որ իրեն մրցակից ունէր Ահիա Ռիատան, ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը` 20-0 արդիւնքով յաղթական հռչակուելով (մրցակից խումբի բացակայութեան պատճառով): ՀՄԸՄ Ժունիէ իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ կիրակի, 4 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 13:30-ին, ՀԲԸՄ-ի...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը: Ֆետերասիոնին որոշումով, Ռասինկ ակումբի մարզիչ Մուսա Հըժէյժ երկու ամիսով կախակայուեցաւ եւ 2 միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանքի ենթարկուեցաւ իր ոչ մարզավայել կեցուածքին համար: Նըժմէի մաս կազմող Քասեմ Զէյն, երեք մրցումով կախակայուեցաւ ֆետերասիոնին կողմէ: 3 մրցումով կախակայուեցաւ նաեւ Սաժեսի մարզիկներէն Հիւսէյն Ֆարհաթ: Մէկական մրցումով կախակայուողները եղան շատ, ոմանք...

Ճատրակ. 3 Հայեր Գրաւեցին Առաջին Դիրքը

Կազմակերպութեամբ Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու միութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, միութեան ակումբին մէջ (Վերտան) տեղի ունեցաւ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը, շուրջ եօթանասուն երկսեռ խաղացողներով Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով: Նշենք, որ մասնակցողներուն 14-ը հայեր էին: Անոնք բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով խլեցին երեք առաջնութիւն: Ստորեւ` անոնց արձանագրած արդիւնքները. 8 տարեկանէն վար (տղաք). Առաջին` Կի Գալուստ Երկրորդ` Սարգիս Քէչէճեան 8 տարեկանէն վար...

ՖԻՏԷ-ի Դասաւորում. Արոնեան Առաջին Հինգէն Դուրս Մնաց

Լեւոն Արոնեան Երէկ, ՖԻՏԷ-ն հրապարակեց ճատրակի աշխարհի դեկտեմբեր ամսուան նոր դասաւորումը, որուն մէջ հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան դուրս մնաց առաջին հինգէն` 5-րդ դիրքէն նահանջելով 7-րդ դիրք, իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2785 վարկանշային կէտ: Վլատիմիր Յակոբեան կը գրաւէ 67-րդ դիրքը (2675 կէտ), Սերկէյ Մովսիսեան` 71-րդ դիրքը (2673 կէտ), իսկ Գաբրիէլ Սարգսեան` 84-րդ դիրքը (2667 կէտ):

«Էն. Պի. Էյ». Լոս Անճելըս Քաղաքի Երկու Կազմերը Պարտուեցան

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած վեց մրցումներուն պարտութիւններ կրեցին Լոս Անճելըս քաղաքի երկու կազմերը` Լէյքըրզ եւ Քլիփըրզ: Լէյքըրզ, որ հիւրն էր Նիւ Օրլինզի, 105-88 արդիւնքով տեղի տուաւ անոր դիմաց: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 41 կէտ: Նշենք, որ ասիկա Լէյքըրզի 10-րդ պարտութիւնն էր (9 յաղթանակին կողքին): Պրուքլինի մէջ, Նեթց երկրորդ երկարաձգումէն ետք միայն յաջողեցաւ...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ.  Աքրամ Հալապի Պաշտօնապէս Առաջադրեց Իր Թեկնածութիւնը` Ֆետերասիոնի Նախագահի Պաշտօնին Համար

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Աքրամ Հալապի Պաշտօնապէս Առաջադրեց Իր Թեկնածութիւնը` Ֆետերասիոնի Նախագահի Պաշտօնին Համար

PROFOTO Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ երէկ` «Հապթուր» պանդոկին մէջ (Հըրշ Թապեթ), Աքրամ Հալապի պաշտօնապէս առաջադրեց իր թեկնածութիւնը Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնին համար: Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 15 դեկտեմբերին: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Ուալիտ Նասսար եւ ֆետերասիոնի անդամներ, ֆետերասիոնի նախկին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Լուէյզի 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Անդրանիկ Պէյրութը

Լիբանանի Տղոց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Ա. Հանգրուանի Մրցումներուն Բարեփոխուած Յայտագիրը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն բարեփոխուած յայտագիրը, որ կրած է կարգ մը փոփոխութիւններ: Նոր յայտագիրին հիմամբ ՀՄԸՄ, որ տարեշրջանի իր առաջին մրցումին հիւրը պիտի ըլլայ Լուէյզիի, իր այս մրցումը պիտի կատարէ հինգշաբթի, 1 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Սանթրալի դաշտին վրայ: Ստորեւ` բարեփոխուած յայտագիրը. ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 1 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Լուէյզի...

Page 1037 of 1276 1 … 1,036 1,037 1,038 … 1,276

Արխիւներ