Ուքրանական Խարքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանը ներկայացնող Տաշիր երրորդ դիրքին համար իր մղած պայքարին 6-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց ուքրանական Զտորովիեցէն:
Նշենք, որ կիսաւարտականին հայ ըմբիշները 8-0 արդիւնքով պարտուած էին իրանեան Ռազիէն:
Մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 50 հազար ամերիկեան տոլար:
Տաշիր, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով կը մասնակցէր այս ախոյեանութեան, Ուքրանիա մեկնեցաւ հետեւեալ կազմով. Նարեկ Խաչատրեան (57), Գարիկ Բարսեղեան (61 քկ), Նարեկ Սիրունեան (65 քկ), Վալթեր Մարգարեան (70 քկ), Սուրէն Խաչատրեան (74 քկ), Վահէ Թամրազեան (86 քկ), Շամիր Աթեան (97 քկ) եւ Անդրանիկ Գալստեան (125 քկ):