Ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչին, տեղի ունեցան Պըրժ Այնթուրա ակումբին ընտրութիւնները:
Մրցակից կազմի չգոյութեան պատճառով, իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած անհատները առանց քուէարկութեան ընտրուեցան` յառաջիկայ չորս տարիներուն պաշտօնավարելու համար:
Ընտրութենէն ետք տեղի ունեցաւ պաշտօններու բաժանում` հետեւեալ ձեւով.
Հայր Սըմաան Ժամիլ (նախագահ), Ղազի Պուսթանի (փոխնախագահ), Անթուան Շիտիաք (ընդհանուր քարտուղար), Հայր Միտհաթ Ժարաս (գանձապահ), Ալեն Հարֆուշ, Զէյնա Հըլու, Ռապիհ Ռաայտէ, Մարք Խալիֆէ, Միշել Ապու Ուարտէ, Ռոնի Սաատէ, Մարք Քոզահ, Զիատ Պաթիշ եւ Ժալալ Պաայնօ (խորհրդականներ):