Քոլոմպիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ Պուքարամանկա հիւրընկալեց Տեփորթիւօ Քալին:
Երթի մրցումին կոլի եւ կոլի փոխանցման հեղինակ դարձած Մաուրօ Գեւգէոզեան այս մրցումին եւս փայլելով նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը, որուն շնորհիւ անոր կազմը` Աթլեթիքօ, հասաւ կիսաւարտականին:
Թէեւ հիւրընկալ կազմը Ա. կիսախաղին ի՛նք բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն Գեւգէոզեան 76-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին կոլը: