«Ֆորմիւլա-1»-ի 2016-ի նորընծայ ախոյեան, գերմանացի Նիքօ Ռոզպըրկ երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ վերջ կը դնէ իր արհեստավարժ ասպարէզին:
31 տարեկան Ռոզպըրկ նախորդ շաբաթավերջին առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան:
Ան, տիրանալով 23 կրան փրիներու, 57 անգամ բարձրացաւ փոտիում:
Նշենք, որ ան 2014-ին եւ 2015-ին հանդիսացաւ փոխախոյեան: