Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի անդամ, կրանտմասթըր Վլատիմիր Յակոբեան նախորդ շաբաթավերջին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տիրացաւ Տուպայի արագ ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին:
Ան առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 8 կէտ: Թէեւ նոյնքան կէտ ապահովեց Սպանիան ներկայացնող Վիքթոր Մոսքալենքոն, սակայն լրացուցիչ ցուցանիշներով հայ ճատրակ խաղացողը հանդիսացաւ առաջին:
Մրցաշարքին մասնակցեցան 25 երկիրներէ 180 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 3 կրանտմասթըրներ եւ 3 միջազգային վարպետներ: