Պրազիլի ֆութպոլի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանին, երկրին նոր ախոյեանը` Փալմէյրաս, դաշտ պիտի ներկայանայ Շափեքոյենսէի մարզաշապիկով, այսպիսով յարգանքի իր տուրքը մատուցելով վերոնշեալ ակումբին, որուն մարզիկներն ու մարզիչները քանի մը օր առաջ զոհ գացին օդանաւի արկածի մը:
Նշենք, որ նախորդ 27 նոյեմբերին, նախավերջին հանգրուանին Փալմէյրաս 1-0 արդիւնքով յաղթելով նոյնինքն Շափեքոյենսէի, ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը:
Վիթորիա – Փալմէյրաս ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 11 դեկտեմբերին: