Երեւանի Ուրարտու տղոց պասքեթպոլի ակումբը, չկարենալով դուրս գալ իր դիմագրաւած վիճակէն, դադրեցուց իր գոյութիւնը:
Ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Ուրարտու ի վիճակի չէ շարունակել իր ելոյթները` իր դիմագրաւած տնտեսական ծանր վիճակին պատճառով:
Երէկ հայկական ակումբը պաշտօնապէս դիմեց Ռուսիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, որպէսզի դուրս գայ Ռուսիոյ «Սուփըր-լիկա-1»-էն:
Խումբը այս ախոյեանութեան ծիրին մէջ իր կատարած 9 մրցումներն ալ աւարտեց պարտութեամբ: