Մարզական

Քլաթենպուրկ` 2016-ի Տարուան Լաւագոյն Իրաւարարը

Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը 2016-ի աշխարհի լաւագոյն իրաւարարը ճանչցաւ անգլիացի Մարք Քլաթենպուրկը: Այս քուէարկութեան մասնակցեցան 56 երկիրներու ներկայացուցիչները: Քլաթենպուրկ, որ ապահովեց 141 կէտ, այս տարի Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքին «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականներուն իրաւարարը եղաւ: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց իտալացի Նիքոլա Ռիցոլի (65 կէտ), իսկ երրորդ դիրքը` հունգարացի Վիքթոր Քասայ (56 կէտ):  

Մխիթարեանի «Կարիճ» Հարուածով Կոլը Ճանչցուեցաւ Տարուան Լաւագոյնը

Մխիթարեանի «Կարիճ» Հարուածով Կոլը Ճանչցուեցաւ Տարուան Լաւագոյնը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան «Փրեմիեր լիկ»-ի 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր Սանտըրլենտի դէմ կատարուած մրցումին իր կազմին հետ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: 62-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած Մխիթարեան, այս մրցումին «կարիճ» հարուածով մը 86-րդ վայրկեանին նշանակեց գերսքանչելի եւ բացառիկ կոլ մը, որ ճանչցուեցաւ տարուան լաւագոյնը` «Ֆրանս ֆութպոլ» պարբերաթերթին կողմէ, ապահովելով քուէարկողներուն...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ժամհուր` 4-3

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղաքը բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով յաղթեցին իրենց մրցակիցին` Ժամհուրին, 4-3 արդիւնքով (կիսախաղ` 4-1): ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սերժ Մելիքեան (2 կոլ), Անդրանիկ Կարապետեան եւ Աւիկ Յարութիւնեան:

Ճատրակ.  Քոթանճեան Եւ Ռեփքա Մրցեցան Հայ Ճատրակ Խաղացողներուն Դէմ

Ճատրակ. Քոթանճեան Եւ Ռեփքա Մրցեցան Հայ Ճատրակ Խաղացողներուն Դէմ

Տիգրան Քոթանճեան եւ... Քրիսթոֆըր Ռեփքա` կատարուած մրցումներուն Օգտուելով հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեանի Լիբանան այցելութենէն` ՀՄԸՄ-ի ճատրակի յանձնախումբը կազմակերպեց ճատրակի յատուկ մրցում մը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ: Չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին, Նիքոլա Մուրատեան, Փաթիլ Գրիգորեան, Ճեսսի Գրիգորեան, Նանոր Առնելեան, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի խումբին մաս կազմող տոքթ. Գէորգ Թերզեան, Ժիրօ Օգնայեան, Րաֆֆի Ճիկերեան եւ Հրայր Պրունսուզեան ճակատեցան Քոթանճեանի դէմ:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի – Հուփս

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 21:40-ին, Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ պիտի հիւրընկալէ Հուփսը: Նշենք, որ Ա. դասակարգի տասը խումբերուն մէջ, Հուփս միակն է, որ ցարդ իր կատարած բոլոր մրցումներն ալ պարտութեամբ աւարտած է: Այս հանգրուանը սկսաւ նախանցեալ օր` երկու մրցումով: Շանվիլ, որ հիւրընկալեց Մէյրուպան, 78-61 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Մրցումին...

Մահացաւ Հայրենի Կրանտմասթըր Աշոտ Անասթասեան

Հայկական լրատուամիջոցները երէկ հաղորդեցին, որ մահացած է հայրենի կրանտմասթըր Աշոտ Անասթասեան: Ան 52 տարեկան էր: Հայաստանի ճատրակի ութակի ախոյեանը ծնած էր Երեւանի մէջ` 16 յուլիս 1964-ին: Անասթասեան, որ միջազգային կրանտմասթըրի կոչում ստացաւ 1993-ին, 6 անգամ Հայաստանի ազգային հաւաքականին հետ մասնակցած է Ճատրակի համաշխարհային ողիմպիականին: Ան յուլիսին գերմանական Տրեստըն քաղաքին մէջ հանդիսացաւ աշխարհի վեթերաններու խմբային ախոյեանութեան փոխախոյեան:  

Աշխարհի Արագ Ճատրակի Ախոյեանութիւն. Լեւոն Արոնեանի Յաջող Սկիզբը

Տոհայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի արագ ճատրակի ախոյեանութեան Հայաստան ունի 3 ներկայացուցիչ: Հայրենի ազգային հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան յաջողութեամբ սկսաւ այս ախոյեանութեան, երբ առաջին 5 հանգրուաններուն արձանագրեց 4 յաղթանակ եւ հաւասարութիւն մը: Ան այժմ 4,5 կէտով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը` կէս կէտով միայն ետ մնալով ուքրանացի Անթոն Քորոփովէն: Հրանդ Մելքումեան 4 կէտով կը գտնուի 9-րդ դիրքին վրայ, իսկ Վլատիմիր Յակոբեան...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ, երբ Ղազիրի դաշտին վրայ Սաժես հիւրընկալեց Շանվիլը: Սաժես արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 91-85 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շանվիլը )17-23, 41-42, 67-60 եւ 91-85): Շանվիլ, որ ցարդ արձանագրած է միայն մէկ յաղթանակ, կրեց իր չորրորդ պարտութիւնը: Մրցումին լաւագոյն կոլսքորըրը եղաւ Սաժեսի մարզիչ, Թերել Սթոկլին (34), մինչ Շանվիլէն...

Չորեքշաբթի, 28 Դեկտեմբերին Տեղի Պիտի Ունենան Լիբանանեան Մարզական Լրագրութեան Համադաշնակցութեան Ընտրութիւնները

Չորեքշաբթի, 28 Դեկտեմբերին Տեղի Պիտի Ունենան Լիբանանեան Մարզական Լրագրութեան Համադաշնակցութեան Ընտրութիւնները

Երէկ` ուրբաթ, 23 դեկտեմբերին, «Սոֆիթել լը Կապրիել» պանդոկին մէջ (Էշրեֆիէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանեան մարզական լրագրութեան համադաշնակցութեան համագումարը: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին օրինական պայմանները ամբողջացնող 102 լրագրողներէն 71-ը: Նշենք, որ համադաշնակցութեան անդամակցած են 133 լրագրողներ, որոնցմէ 27-ը կը գործեն Լիբանանէն դուրս: Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած այս համագումարին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն, ինչ որ աւելի շեշտեց այս համագումարին...

Նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ Ստանձնեց Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան Իր Պաշտօնը

Լուսանկարը ՏրամադրեցԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Երէկ կէսօրին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութիւն նախկին նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուիի եւ նոր նշանակուած նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի միջեւ: Այս արարողութեան ներկայ էին նաեւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ: Հըննաուի յաջողութիւն մաղթեց նոր նախարարին` իր պաշտօնավարութեան ստանձնումին առիթով:

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Մանչեսթըր Եունայթըտ – Արսենալ Քառորդ Աւարտականի Հետաքրքրական Ճակատում

«Փրեմիեր Լիկ». Երկուշաբթի, 26 Դեկտեմբերին` 18-րդ Հանգրուանի Մրցումները

Տօնական օրերու առիթով եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները պիտի առնեն ձմեռնային կարճ դադար մը: Կարգ մը երկիրներու ախոյեանութիւնները պիտի վերսկսին 6 յունուար 2017-ին, իսկ ոմանց պարագային` քիչ մը աւելի ուշ: Անգլիոյ պարագային, թէեւ այս շաբաթավերջին մրցումներ չկան Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, սակայն երկուշաբթի, 26 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենան 18-րդ հանգրուանի մրցումները: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Չելսի, որ այժմ 6 կէտի առաւելութիւն...

Զաւէն Բադոյեան Միացաւ Կոմելի

Բանանց Երեւանէն հեռանալէ ետք, Զաւէն Բադոյեան թէեւ տեղափոխուեցաւ Ալաշկերտ Երեւան, սակայն կը պարզուի, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածուն ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն: Անոր նոր ակումբը հանդիսացաւ Կոմելը, որուն հետ հայրենի ֆութպոլիստը 2 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց: Նշենք, որ ան նախապէս` 2014-ին եւս մաս կազմած է Կոմելի, որուն հետ կատարած է 29 մրցում` նշանակելով...

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ճանչցուեցաւ Պաղեստինի 2016-ի Մարդը

ԱՍ կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ճանչցուեցաւ 2016-ի Պաղեստինի մարդը: Հանդիսութեան ներկայ գտնուած են 1200 հրաւիրեալներ, որոնց կարգին` Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս: Ֆութպոլիստը այս կոչումին արժանացած է իր մարդկային եւ մարզական բարձր առաքինութեան համար: Նշենք, որ մարտին, Ռոնալտօ հանդիպեցաւ 5 տարեկան պաղեստինցի տղեկի մը հետ, որուն ընտանիքը զոհուած էր իսրայէլեան ռմբակոծումներուն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Թատամոն – Ռիատի` 82-104

Այսօր` Սաժես - Շանվիլ Երէկուան մրցումէնPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Թատամոն, որ Նուհատ Նաուֆալի մարզադաշտին վրայ (Զուք) հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը, 104-82 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց (26-26, 46-49, 60-76 եւ 82-104): Մինչեւ Ա. կիսախաղի դադարը, արդիւնքը կ՛ընթանար հաւասար, բայց տարբերութիւնը հետզհետէ սկսաւ բարձրանալ` ի նպաստ Ռիատիի, մանաւանդ երրորդ քորթըրին առաջին հինգ վայրկեանին, երբ Ռիատի նշանակեց...

Արթուր Դաւթեան 2 Ոսկի Մետալի Տիրացաւ

Արթուր Դաւթեան 2 Ոսկի Մետալի Տիրացաւ

2016-ի Եւրոպայի մարմնամարզութեան փոխախոյեան Արթուր Դաւթեան, 2 ոսկի մետալի տիրացաւ Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած Միհայիլ Վորոնինի յուշամրցաշարքին: Հայաստանի ներկայացուցիչը ամէնէն զօրաւոր դիրքի մէջ եղած է յենացատկի եւ օղակներու մրցումներուն: Ան պրոնզ մետալներու տիրացած է զոյգ-փայտի, նժոյգի եւ պտտաձողի մրցումներուն: Խմբային դասաւորման մէջ Արթուր Դաւթեան պրոնզէ մետալակիր դարձած է Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչին` Վիգէն Խաչատրեանի հետ: Նշենք, որ Դաւթեան յաջողութեամբ...

«ՖԻՖԱ». Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Տարին Աւարտեց 86-րդ Դիրքին Վրայ

Երէկ` հինգշաբթի, 22 դեկտեմբերին, «ՖԻՖԱ»-ն հրապարակեց ֆութպոլի ազգային խումբերուն 2016-ի վերջնական դասաւորումը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, մէկ դիրքի ոստում մը արձանագրելով, տարին աւարտեց 86-րդ դիրքին վրայ: Նշենք, որ նախկին հրապարակումէն ետք Հայաստան, որ ոչ մէկ մրցում կատարեց, իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 412 կէտ: Լաւագոյն տասնեակին մէջ փոփոխութիւններ չկան: Առաջին դիրքը գրաւեց Արժանթին, մինչ անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Պրազիլ: Աշխարհի...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Շնորհաւորեց Հենրիխ Մխիթարեանը

Իր պաշտօնական կայքին մէջ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը շնորհաւորեց իր մարզիկը` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ եւ խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանը, Հայաստանի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուելուն առիթով: «Կը շնորհաւորենք մեր մարզիկը, որ յաջորդաբար 6-րդ տարին ըլլալով տիրացաւ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստին տիտղոսին, ինչպէս նաեւ ան այդ տիտղոսին տիրացաւ 7-րդ անգամն ըլլալով: Անոր կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ», նշուեցաւ այդ հաղորդագրութեան մէջ: Մխիթարեան...

Արամ Ոսկանեան` Ալաշկերտի Գլխաւոր Մարզիչ

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան` Ալաշկերտ, իր խումբին գլխաւոր մարզիչ նշանակեց Արամ Ոսկանեանը: Այս լուրը փոխանցեց բարձրագոյն դասակարգի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշենք, որ 28 հոկտեմբերէն ի վեր Ոսկանեան կ՛աշխատի Ալաշկերտի մարզիչներու խմբակին հետ: Նախքան անոր մարզիչ նշանակումը լուրեր շրջան կ՛ընէին այն մասին, որ Աբրահամ Խաշմանեան շատ հաւանաբար վերադառնար Ալաշկերտ:

Հայաստանի Մարզիկները 2016-ին Տիրացան 170 Մետալներու

Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ հայ մարզիկները մեծերու, երիտասարդներու եւ պատանիներու Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն, այս տարի տիրացած են 170 մետալներու, որոնց կարգին` ողիմպիականի 4 մետալ: Աշխարհի ախոյեանութիւններուն մետալներուն թիւն է` 41, Եւրոպայի ախոյեանութիւններունը` 125: Նշենք, որ մետալակիրներուն կարգին են հաշմանդամ 7 մարզիկներ:

Մեսսի Կրնայ Հեռանալ… Եթէ Դժգոհ Մնայ Պարսելոնայի Առաջարկէն

Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի եւ քաթալոնիական ակումբին միջեւ պայմանագրութիւնը երկարաձգելու բանակցութիւնները կը շարունակուին: Mundo Deportivo-ի համաձայն, Մեսսի իր բարեկամներէն մէկուն ըսած է, թէ շատ հաւանական է, որ տեղափոխուի չինական ակումբ մը, եթէ Պարսելոնա չբաւարարէ իր նիւթական պահանջները: Կարծիք կայ այն մասին, թէ Մեսսի այս մէկը փոխանցած է Պարսելոնայի  նախկին մարզիկ Սեսք Ֆապրեկասի, որ այժմ մաս կը կազմէ Չելսիի: Նշենք,...

Page 1029 of 1277 1 … 1,028 1,029 1,030 … 1,277

Արխիւներ