
Տոհայի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի արագ ճատրակի ախոյեանութեան Հայաստան ունի 3 ներկայացուցիչ:
Հայրենի ազգային հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան յաջողութեամբ սկսաւ այս ախոյեանութեան, երբ առաջին 5 հանգրուաններուն արձանագրեց 4 յաղթանակ եւ հաւասարութիւն մը:
Ան այժմ 4,5 կէտով կը գրաւէ 2-րդ դիրքը` կէս կէտով միայն ետ մնալով ուքրանացի Անթոն Քորոփովէն:
Հրանդ Մելքումեան 4 կէտով կը գտնուի 9-րդ դիրքին վրայ, իսկ Վլատիմիր Յակոբեան ունի 3 կէտ:
Աշխարհի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն ապահոված է 3,5 կէտ:
Արագ ճատրակի այս ախոյեանութեան, որ ունի 106 մասնակից, տեղի կ՛ունենայ ընդամէնը 15 հանգրուան:


