Իր պաշտօնական կայքին մէջ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը շնորհաւորեց իր մարզիկը` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ եւ խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանը, Հայաստանի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը ճանչցուելուն առիթով:
«Կը շնորհաւորենք մեր մարզիկը, որ յաջորդաբար 6-րդ տարին ըլլալով տիրացաւ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստին տիտղոսին, ինչպէս նաեւ ան այդ տիտղոսին տիրացաւ 7-րդ անգամն ըլլալով: Անոր կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ», նշուեցաւ այդ հաղորդագրութեան մէջ:
Մխիթարեան իր ակումբին եւ բոլորին շնորհակալութիւն յայտնելով յայտարարեց.
«Ինծի համար մեծ պատիւ մըն է 7-րդ անգամն ըլլալով այդ տիտղոսը նուաճելը: Շնորհակալութիւն` Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, բոլոր ակումբներուն, համակիրներուն եւ մարզական լրատուամիջոցներուն, որոնք ինծի կը հաւատան: Ես ամբողջ կեանքս նուիրած եմ ֆութպոլին եւ հասած կարեւոր նուաճումներու: Կը զգամ, որ աւելին կրնամ տալ եւ պատմութիւն կերտել, Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ անշուշտ հայրենիքիս` Հայաստանի համար, զոր կը սիրեմ, եւ որ մի՛շտ իմ մտքիս մէջ է»:
Այլ գետնի վրայ Մխիթարեանի իտալացի գործակալը` Մինօ Ռայոլա, ըսաւ.
«Մխիթարեան, թէեւ Պունտըսլիկային մէջ բացառիկ ելոյթներ ունեցաւ, բայց Անգլիոյ մէջ շատ աւելի բացառիկ սկսան ըլլալ անոր ելոյթները: Ես վստահաբար գիտէի, որ Մխիթարեան կրնայ դառնալ լաւագոյններէն մէկը` Անգլիոյ մէջ, իր վրայ կեդրոնացնելով լուսարձակները»: