
ԱՍ կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ճանչցուեցաւ 2016-ի Պաղեստինի մարդը:
Հանդիսութեան ներկայ գտնուած են 1200 հրաւիրեալներ, որոնց կարգին` Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս:
Ֆութպոլիստը այս կոչումին արժանացած է իր մարդկային եւ մարզական բարձր առաքինութեան համար:
Նշենք, որ մարտին, Ռոնալտօ հանդիպեցաւ 5 տարեկան պաղեստինցի տղեկի մը հետ, որուն ընտանիքը զոհուած էր իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով, կ՛եզրափակէ ArmFootball.com կայքը:


