Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ հայ մարզիկները մեծերու, երիտասարդներու եւ պատանիներու Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն, այս տարի տիրացած են 170 մետալներու, որոնց կարգին` ողիմպիականի 4 մետալ:
Աշխարհի ախոյեանութիւններուն մետալներուն թիւն է` 41, Եւրոպայի ախոյեանութիւններունը` 125:
Նշենք, որ մետալակիրներուն կարգին են հաշմանդամ 7 մարզիկներ: