Բանանց Երեւանէն հեռանալէ ետք, Զաւէն Բադոյեան թէեւ տեղափոխուեցաւ Ալաշկերտ Երեւան, սակայն կը պարզուի, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թեկնածուն ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Անոր նոր ակումբը հանդիսացաւ Կոմելը, որուն հետ հայրենի ֆութպոլիստը 2 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:
Նշենք, որ ան նախապէս` 2014-ին եւս մաս կազմած է Կոմելի, որուն հետ կատարած է 29 մրցում` նշանակելով 3 կոլ եւ 4 կոլի փոխանցման հեղինակ ըլլալով:
27 տարեկան Բադոյեան 10 յունուար 2017-ին պիտի միանայ իր նոր խմբակիցներուն, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնէն անմիջապէս ետք: