2016-ի Եւրոպայի մարմնամարզութեան փոխախոյեան Արթուր Դաւթեան, 2 ոսկի մետալի տիրացաւ Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած Միհայիլ Վորոնինի յուշամրցաշարքին:
Հայաստանի ներկայացուցիչը ամէնէն զօրաւոր դիրքի մէջ եղած է յենացատկի եւ օղակներու մրցումներուն: Ան պրոնզ մետալներու տիրացած է զոյգ-փայտի, նժոյգի եւ պտտաձողի մրցումներուն: Խմբային դասաւորման մէջ Արթուր Դաւթեան պրոնզէ մետալակիր դարձած է Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչին` Վիգէն Խաչատրեանի հետ:
Նշենք, որ Դաւթեան յաջողութեամբ հանդէս եկած է նաեւ բազմամարտի մրցումներուն, ուր գրաւելով երկրորդ դիրքը, զիջած է միայն Ռուսիան ներկայացնող Արթուր Դալալոյեանին: