Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի եւ քաթալոնիական ակումբին միջեւ պայմանագրութիւնը երկարաձգելու բանակցութիւնները կը շարունակուին:
Mundo Deportivo-ի համաձայն, Մեսսի իր բարեկամներէն մէկուն ըսած է, թէ շատ հաւանական է, որ տեղափոխուի չինական ակումբ մը, եթէ Պարսելոնա չբաւարարէ իր նիւթական պահանջները:
Կարծիք կայ այն մասին, թէ Մեսսի այս մէկը փոխանցած է Պարսելոնայի նախկին մարզիկ Սեսք Ֆապրեկասի, որ այժմ մաս կը կազմէ Չելսիի:
Նշենք, որ վերջին շրջանին լուրեր շրջան կ՛ընէին այն մասին, որ չինական Հեպէյ Չայնա Ֆորչուն պատրաստ է տարեկան 100 միլիոն եւրօ վճարել Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին խմբապետին համար, որուն պայմանագրութիւնը Պարսելոնայի հետ կ՛աւարտի 2018-ի ամրան: