Այսօր` Սաժես – Շանվիլ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Թատամոն, որ Նուհատ Նաուֆալի մարզադաշտին վրայ (Զուք) հիւրընկալեց Ռիատի Պէյրութը, 104-82 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց (26-26, 46-49, 60-76 եւ 82-104):
Մինչեւ Ա. կիսախաղի դադարը, արդիւնքը կ՛ընթանար հաւասար, բայց տարբերութիւնը հետզհետէ սկսաւ բարձրանալ` ի նպաստ Ռիատիի, մանաւանդ երրորդ քորթըրին առաջին հինգ վայրկեանին, երբ Ռիատի նշանակեց 16 կէտ, մինչ Թատամոն` 7 կէտ:
Թատամոնէն Իրվին Մորիս նշանակեց 27 կէտ, մինչ Մորիս Քեմփ` 19, իսկ Ռիատիէն ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Պրանքօ Սվեթքովիչ (25), որ նախորդ տարեշրջանին մաս կը կազմէր Թատամոնի, իսկ անոր խմբակից Ալատէ Ամինու նշանակեց 23 կէտ:
2 պարտութիւն կրած Ռիատի արձանագրեց իր 3-րդ յաղթանակը, իսկ 3 յաղթանակ արձանագրած Թատամոն կրեց իր 2-րդ պարտութիւնը:
5-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ Սաժես Ղազիրի մէջ ժամը 17:30-ին կը հիւրընկալէ Շանվիլը:
Երկու կազմերն ալ արձանագրած են մէկական յաղթանակ եւ կրած երեքական պարտութիւն: