Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 21:40-ին, Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ պիտի հիւրընկալէ Հուփսը:
Նշենք, որ Ա. դասակարգի տասը խումբերուն մէջ, Հուփս միակն է, որ ցարդ իր կատարած բոլոր մրցումներն ալ պարտութեամբ աւարտած է:
Այս հանգրուանը սկսաւ նախանցեալ օր` երկու մրցումով:
Շանվիլ, որ հիւրընկալեց Մէյրուպան, 78-61 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակողը (18) եղաւ Պրենտըն Թոմաս (Շանվիլ):
Երկրորդ մրցումին Մութթահետ, որ հիւրն էր Թատամոնի, 87-75 արդիւնքով պարտուած վերադարձաւ Թրիփոլի: Թատամոնէն Իրվըն Մորիս նշանակեց 31 կէտ:
Նշենք, որ Մութթահետի լիբանանցիները միասնաբար նշանակեցին միայն 12 կէտ: