Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չորեքշաբթի, 28 Դեկտեմբերին Տեղի Պիտի Ունենան Լիբանանեան Մարզական Լրագրութեան Համադաշնակցութեան Ընտրութիւնները

December 24, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

press_122316

Երէկ` ուրբաթ, 23 դեկտեմբերին, «Սոֆիթել լը Կապրիել» պանդոկին մէջ (Էշրեֆիէ) տեղի ունեցաւ Լիբանանեան մարզական լրագրութեան համադաշնակցութեան համագումարը: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին օրինական պայմանները ամբողջացնող 102 լրագրողներէն 71-ը:

Նշենք, որ համադաշնակցութեան անդամակցած են 133 լրագրողներ, որոնցմէ 27-ը կը գործեն Լիբանանէն դուրս:

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած այս համագումարին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն, ինչ որ աւելի շեշտեց այս համագումարին օրինականութիւնը:

Հիմնադիր խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սելիմ Աուատա մանրամասն տեղեկութիւն փոխանցեց, թէ ցարդ ի՞նչ աշխատանք տարուած է եւ ի՞նչ ծրագիրներ մշակուած են:

press1_122316

Ապա բոլորը միաձայնութեամբ համաձայն գտնուեցան առաջադրուած այդ կէտերուն:

Խօսք առին նաեւ հիմնադիր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Ապտել Նուր, ինչպէս նաեւ խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն, որոնք իրենց կարգին շեշտեցին նոր կազմուելիք համադաշնակցութեան կարեւորութիւնը:

Ներկաներուն ըսուեցաւ, որ Միջազգային մարզական լրագրութեան համադաշնակցութիւնը յատուկ յանձնախումբ մը պիտի ղրկէ Լիբանան` ստուգելու համար, թէ արդեօք մարզական լրագրողներուն մեծամասնութիւնը մաս կը կազմէ՞ այս նոր համադաշնակցութեան:

Երբ հարց տրուեցաւ, թէ այս ընտրութիւնները պէ՞տք է յետաձգել եւ 28 դեկտեմբերին չկատարել, ներկաներուն 99 տոկոսը պահանջեց, որ անիկա կատարուի ճշդուած թուականին, մանաւանդ որ մրցակից ցանկը անօրինական ձեւով արդէն կազմած էր խորհուրդ մը, մինչ միջազգային համադաշնակցութիւնը փաստած էր որ այդ խորհուրդը խարդախութեամբ կազմուած է:

Հետեւաբար որոշուեցաւ ընտրութիւնները կայացնել ճշդուած թուականին` չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբերին:

press2_122316

Աւարտին, համադաշնակցութեան հիմնադիր խորհուրդը յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունին:

Լուսանկարները Տրամադրեց`
ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ

 

Նախորդը

Նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ Ստանձնեց Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարութեան Իր Պաշտօնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

RelatedPosts

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը
Մարզական

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ընտրուեցաւ Լաւագոյնը

October 31, 2026
Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Պայերն Միւնիխ – Տորթմունտ Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ

October 31, 2026
2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…
Մարզական

2800 Եւրօ Եւ 41 Վայրկեան` «Քլասիքօ»…

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.