Օգտուելով հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեանի Լիբանան այցելութենէն` ՀՄԸՄ-ի ճատրակի յանձնախումբը կազմակերպեց ճատրակի յատուկ մրցում մը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ: Չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին, Նիքոլա Մուրատեան, Փաթիլ Գրիգորեան, Ճեսսի Գրիգորեան, Նանոր Առնելեան, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի խումբին մաս կազմող տոքթ. Գէորգ Թերզեան, Ժիրօ Օգնայեան, Րաֆֆի Ճիկերեան եւ Հրայր Պրունսուզեան ճակատեցան Քոթանճեանի դէմ:
Պրունսուզեան, բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով, հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քոթանճեանի հետ:
Նշենք, որ 1981-ին ծնած Քոթանճեան անգամ մը հանդիսացած է Հայաստանի ճատրակի ախոյեան եւ երկու անգամ` փոխախոյեան, ինչպէս նաեւ երկու առիթով Կարէն Ասրեանի անուան յուշամրցաշարքին հանդիսացած է փոխախոյեան:
Քոթանճեանի կատարած այս մրցումէն երկու օր ետք` ուրբաթ, 23 դեկտեմբերին, նմանօրինակ այլ մրցում մը տեղի ունեցաւ այս անգամ սլովաք միջազգային վարպետ Քրիսթոֆըր Ռեփքայի դէմ, որ իրեն մրցակից ունեցաւ Ճեսսի Գրիգորեանը, Փաթիլ Գրիգորեանը, Փաթիլ Քէշիշեանը, Սագօ Քէշիշեանը, Հրակ Թենպելեանը, Նիքոլա Մուրատեանը, Ալիք Թենպելեանը եւ Նանոր Առնելեանը, իսկ ՀՄԸՄ-ի խումբէն Ժիրօ Օգնայեանը եւ Յովիկ Թորոսեանը, ինչպէս նաեւ երեք այլ հիւրեր` Վարուժ Թենպելեանը, Աւօ Թիւթիւնճեանը եւ Արա Յովակիմեանը:
Ռեփքա, որ ծնած է 1998-ին, ճատրակ խաղալու սկսած է 5 տարեկանին, իսկ ՖԻՏԷ-ի իր կարգը ստացած է 9 տարեկանին:
Ան տիրացած է Եւրոպայի 14 տարեկանէն վար ախոյեանութեան տիտղոսին, իսկ 2015-ի սկիզբը ստացած է միջազգային վարպետի իր կոչումը:
Այժմ անոր միջազգային վարկանիշը 2472 է եւ ան կը ձգտի կրանտմասթըրի կոչում ստանալ:
Ռեփքա 2016-ի Լիբանանի ակումբներու ճատրակի բաժակի մրցաշարքին ելոյթ ունենալով ՀՄԸՄ-ի հետ, արձանագրեց բացառիկ արդիւնքներ:
Այստեղ պէտք է նշել նաեւ, որ անոր կատարած այդ մրցումէն ետք ՀՄԸՄ-ի խումբի մարզիչ Ֆատի Իտ մրցում մը ընտրելով վերլուծեց զայն` տալով անհրաժեշտ բացատրութիւնները: