Մարզական

Եւրոպայի Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Մարզիչներուն Եռեակը

Քաթալոնական Պարսելոնայի մարզիչ Լուիս Էնրիքէ կը գլխաւորէ Եւրոպայի ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիչներուն դասաւորման առաջին դիրքը, կը յայտնէ 101greatgoals.com կայքը: Անոր ամսականն է 1,56 միլիոն եւրօ: Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Եոսիփ Կուարտիոլա (Մանչեսթըր Սիթի, 1,48 միլիոն եւրօ), իսկ երրորդ դիրքին վրայ` Ժոզէ Մուրինիօ (Մանչեսթըր Եունայթըտ, 1,36 միլիոն եւրօ):

Ըստ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի. Ռոնալտօ, Լայսթըր Սիթի Եւ Ռանիերի` 2016-ի Լաւագոյնները

Ամերիկեան հանրածանօթ «Ի. Էս. Փի. Էն.» մարզական կայքին համաձայն, 2016-ի լաւագոյն ֆութպոլիստը ընտրուեցաւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ ստացաւ վերոնշեալ կայքին կատարած քուէարկութեան ձայներուն 67 առ հարիւրը: Ան Փորթուգալի հետ  հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան, իսկ իր ակումբին` Ռէալ Մատրիտի հետ տիրացաւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի եւ աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան տիտղոսներուն: Իսկ տարուան լաւագոյն ակումբը ճանչցուեցաւ Լայսթըր Սիթի, որ տիրացաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսին...

«Ֆլորենթինօ Փերես Գաղափար Անգամ Չունի, Թէ Ի՛նչ Է Ֆութպոլը» Կ՛ըսէ Քափփա

Ռէալ Մատրիտի նախկին գլխաւոր մարզիչ Խորխէ Վալտանոյի օգնականը` Անխել Քափփա, քննադատեց Ռէալ Մատրիտի նախագահ  Ֆլորենթինօ Փերեսը: «Ռէալի կազմին մէջ հիանալի ֆութպոլիստներ կը խաղան, իսկական աստղեր: Սակայն խնդիրը այն է, որ ակումբը փիլիսոփայութիւն չունի: Անոնք ֆութպոլիստներ կը գնեն, մարզիչներ կը փոխեն, եւ այդ իսկ պատճառներով ամբողջութեամբ կը փոխուի խաղին գաղափարը: «Անոր դիմաց, Պարսելոնա ունի յստակ փիլիսոփայութիւն, ես կը կարծեմ, որ Փերես...

Նշմար. Այո՛, Դուք Ախոյեան Էք

ՅԱԿՈԲ ՃԷՐԷՆԵԱՆ Երկար տարիներու աշխատանքը հասաւ իր նպատակին եւ 2016-ը եղաւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկներուն համար փայլուն տարի մը, երբ մեր աղջիկները, իրենք զիրենք պարտադրելով մրցակից կազմերուն վրայ, տիրացան Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին: Անմոռանալի տարի մըն էր. անմոռանալի ժամեր եւ վայրկեաններ ապրեցանք բոլորս ալ` մարզիկներ, մարզիչ, պատասխանատուներ, հովանաւորներ եւ համակիրներ: Բոլորս միասին կը տօնէինք յաղթանակը, որովհետեւ իսկապէս, երազը իրականացաւ եւ բոլոր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Թատամոն – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 30 դեկտեմբերին, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը կատարէ 2016-2017 տարեշրջանի իր երկրորդ մրցումը` հիւրը ըլլալով Թատամոնի: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք), պիտի սկսի ժամը 20:30-ին: ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ Ա. հանգրուանին մրցում չկատարեց, Բ. հանգրուանի ծիրին մէջ բաւական տպաւորիչ ներկայացում մը կատարելով արձանագրեց մեծ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր 6-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Երէկուան մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ, որ «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պիպլոսը, արձանագրեց իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը` 78-73 արդիւնքով: Նշենք, որ Ա. կիսախաղին ՀՄԸՄ 41-39 արդիւնքով կը գերազանցէր Պիպլոսը, որ այսպիսով կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը: Այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ երեկոյեան ժամը...

Արագ Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Իվանչուք` Ախոյեան, Արոնեան` 9-րդ

Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ աւարտեցաւ արագ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան 15-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները: Ուքրանացի Վասիլի Իվանչուք, որ վերջին հանգրուանին յաղթանակ մը արձանագրեց առաւելագոյն 15 կէտէն 11-ը ապահովելով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Նոյնքան կէտ ապահովելով` յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին ռուս Ալեքսանտր Կրիսչուք եւ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն: Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան 9,5 կէտով գրաւեց...

Գաբրիէլ Ղազարեան Նշանակուեցաւ Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարի Տեղակալ

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի որոշումով, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան նոր պաշտօն մը ստանձնեց: Ան Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեանի տեղակալի պարտականութիւնները պիտի կատարէ, յայտնեց կառավարութեան պաշտօնական կայքը: Գաբրիէլ Ղազարեան, որ 2014 մայիսէն 2016 եղած է Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար, ներկայիս Հայաստանի լողարշաւի ֆետերասիոնին նախագահն է:

Ալոյեան Պիտի Բողոքէ Լոզանի Դատարանին Տուած Որոշումին Դէմ

Ռուսիան ներկայացնող կռփամարտիկ Միշա Ալոյեան կը պատրաստուի բողոք ներկայացնելու Լոզանի դատարանին տուած որոշումին դէմ: Արգիլեալ խթանիչ դեղեր գործածած ըլլալուն համար Ալոյեան զրկուած էր Ողիմպիական խաղերուն տիրացած իր արծաթ մետալէն: Այդ բողոքը շատ հաւանաբար ներկայացուի յունուար 2017-ի առաջին քանի մը օրերուն ընթացքին:

«Փրեմիեր Լիկ».  Այսօր Կը Սկսի 19-րդ Եւ Երթի Վերջին Հանգրուանը

«Փրեմիեր Լիկ». Այսօր Կը Սկսի 19-րդ Եւ Երթի Վերջին Հանգրուանը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր տեղի կ՛ունենայ Հալ Սիթի- Էվըրթըն բացման մրցումը: Պարագլուխի դիրքը գրաւող Չելսի, որ վաղը կը հիւրընկալէ Սթոք Սիթին, արդէն իսկ հանդիսացած է երթի ախոյեան` նկատի ունենալով, որ անիկա այժմ 6 կէտի առաւելութիւն մը ունի 2-րդ դիրքը գրաւող Լիվըրփուլի վրայ, որ վաղը բաւական կարեւոր ճակատում մը ունի կատարելիք, երբ...

Թոնի Քրուս` «Քիքըր»-Ի 2016-ի Մարդը

Ռէալ Մատրիտի եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Թոնի Քրուս գերմանական «Քիքըր» պարբերաթերթին կողմէ ճանչցուեցաւ 2016-ի մարդը: Ան այս տարի իր ակումբին հետ տիրացած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին` դառնալով առաջին ֆութպոլիստը, որ այդ տիտղոսին կը տիրանայ 2 տարբեր ակումբներու հետ: «Քիքըր»-ի կողմէ «տարուան մարդը» մրցանակը 2010-ին տրուած էր անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Պասթիան Շվայնսթայկըրին:

«Էն.Պի.Էյ.» Պուլզ Յաղթեց. Պաթլըր Նշանակեց 40 Կէտ

Ճիմի Պաթլըր «Էն.Պի.Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճիմի Պաթլըր (40 կէտ), երբ անոր կազմը` Շիքակօ Պուլզ, երկու կէտի տարբերութեամբ` 101-99 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պրուքլին Նեթցին: Աթլանթա Հոքս երկարաձգումէն ետք 102-98 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Նիւ Եորք Նիքսին: Վերջինիս մաս կազմող Տերիք Ռոզ նշանակեց 26 կէտ: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Կոլտըն Սթէյթ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Պիպլոս

Հուփսի 6-րդ Պարտութիւնը Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ախոյեան Ռիատի Պէյրութ, որ Մանարայի մէջ հիւրընկալեց Հուփսը, 100-73 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (26-12, 52-34, 73-47 եւ 100-73): Մինչ Ռիատի իր մարզիչին` Ահմետ Ֆարրանի հետ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, անդին Հուփս կրեց իր վեցերորդ յաջորդական պարտութիւնը եւ ցարդ կը մնայ առանց յաղթանակի: Այս հանգրուանը...

Լիբանանեան Մարզական Լրագրութեան Համադաշնակցութեան Ընտրութիւններ

Երէկ` չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբերին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ (Պէյրութ) տեղի ունեցան Լիբանանեան մարզական լրագրութեան համադաշնակցութեան ընտրութիւնները` ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն` Մոհամետ Աուայտաթի եւ Ալի Խալիլի: Համադաշնակցութեան անդամակցած եւ օրինական նկատուած 102 անդամներէն 65-ը ներկայ եղան ընտրութիւններուն, ինչ որ զանոնք դարձուցին օրինական: Երբ ներկաներուն թիւը արդէն գերազանցեց 54-ը, ժողովը բացուած յայտարարուեցաւ, եւ յաղթական հռչակուեցան 12 թեկնածուները` մրցակից կազմի չգոյութեան պատճառով:...

Հայաստանի 2016-ի Լաւագոյն Մարզիկները Նուէր Ստացան Ինքնաշարժներ Եւ Նիւթական Մեծ Պարգեւներ

Հայաստանի 2016-ի Լաւագոյն Մարզիկները Նուէր Ստացան Ինքնաշարժներ Եւ Նիւթական Մեծ Պարգեւներ

«Փարաւոն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ 2016-ի Հայաստանի տասը լաւագոյն մարզիկներուն պարգեւատրման արարողութիւնը` նախագահութեամբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ գլխաւորութեամբ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի: Մարզիկները արժանացան նիւթական մեծ պարգեւներու եւ «Հիունտայ Աքսընթ» մակնիշի ինքնաշարժներու: Իրենց կարգին, մարզիկները Ծառուկեանին յանձնեցին յատուկ յուշանուէր մը` ի նշան շնորհակալութեան: Այս արարողութեան պատուոյ հիւրն էր Ազգային ողիմպիական կոմիտէներու նախագահ շէյխ Ահմետ Ֆահըտ Սուպահ: Ան...

Լեպրըն Ճէյմս` Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը

«Էսոշիէյթըտ Փրես» միջազգային լրատու գործակալութիւնը 2016-ի լաւագոյն մարզիկը ճանչցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեան Քլիվլենտ Քաւալիրզի մարզիկ Լեպրըն Ճէյմսը, որ ստացաւ 59 խմբագիրներէն 24-ին ձայնը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց ամերիկացի լողորդ Մայքըլ Ֆելփսը` 16 ձայնով: Իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Ժամայքայի վազող Ուսէյն Պոլթ` 9 ձայնով: Ճէյմս, որ այս տիտղոսին արժանացած էր 2013-ին, այսպիսով Մայքըլ Ճորտընէն ետք կը դառնայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի...

Goal.Com-ը Լաւագոյն Մարզիկներու Տասնեակին Մէջ Նկատի Չառաւ Մխիթարեանին

Հեղինակաւոր Goal.com կայքը, որ իր կարգին անդրադարձաւ 2016-ի Հայաստանի լաւագոյն մարզիկներու տասնեակին, այդ ցանկին մէջ նկատի չառաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը, ինչ որ բաւական վրդովում յառաջացուց հայրենի ֆութպոլասէր հասարակութեան մօտ: Սակայն վերոնշեալ կայքը, մէջբերեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Մխիթարեանի նպաստն ու ձեռքբերումները անուրանալի են հայկական եւ միջազգային...

Ճատրակ. Մարիա Գէորգեան Գրաւեց 3-րդ Դիրքը

Հայաստանի ճատրակի աղջկանց հաւաքականի ներկայացուցիչ Մարիա Գէորգեան երրորդ տեղը գրաւեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունեցած Շարժայի աղջկանց բաժակի միջազգային մրցաշարքին: Վերջին` 9-րդ հանգրուանին, ան հաւասարութիւն մը արձանագրելով Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչին` Արմինէ Բաբայեանի հետ, մրցաշարքը աւարտեց 6,5 կէտով: Սուսաննա Գաբոյեան, վերջին հանգրուանին յաղթանակ մը արձանագրելով, Բաբայեանի նման ապահովելով 6 կէտ, անոր հետ բաժնեց 7-8 դիրքը: Տիտղոսին տիրացաւ Պելճիքան ներկայացնող...

Մակնիւս Քարլսըն` Նորվեկիոյ Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը

ՖԻՏԷ-ի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող ճատրակի աշխարհի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն ճանչցուեցաւ իբրեւ Նորվեկիոյ 2016-ի լաւագոյն մարզիկը: 26 տարեկան Քարլսըն գերազանցեց 2-րդ հանդիսացած լողորդ Սարա Լուիս Ռունկին: Լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց հաքիի խաղացող Մաթց Եուկարելօ:

Մեսսին Գերազանցած Տել Փոթրօ Պիտի Բացակայի Աւստրալիոյ Թենիսի Բաց Մրցաշարքէն

Թենիսի տղոց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 38-րդ դիրքին վրայ գտնուող արժանթինցի Խուան Մարթին Տել Փոթրօ յայտարարեց, որ պատրաստ չէ իր մասնակցութիւնը բերելու Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին: 28 տարեկան Տել Փոթրօ վերջերս շատ մեծ իրագործում կատարեց, երբ ընտրուեցաւ Արժանթինի 2016-ի լաւագոյն մարզիկը` գերազանցելով երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Լիոնել Մեսսիին: Նշենք, որ Տել Փոթրօ այս տարի Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի թենիսի...

Page 1028 of 1277 1 … 1,027 1,028 1,029 … 1,277

Արխիւներ