Մարզական

Թիակօ Սիլվա Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի յետսապահ Թիակօ Սիլվա իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց: Այս մասին կը յայտնէ «Լէօ Փարիզիեն»-ը: Ըստ աղբիւրին, նոր պայմանագիրով, պրազիլցի Թիակօ Սիլվա մայրաքաղաքի կազմին հետ պիտի մնայ միչեւ 2020: Կը սպասուի, որ ակումբը շուտով այս գծով պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակէ:

Հեքինկ Նշանակուեցաւ Մէօնշընկլատպախի Մարզիչ

Տիեթըր Հեքինկ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ երէկ յայտարարեց, որ երկու ամիս առաջ Վոլֆսպուրկի կողմէ պաշտօնանկ եղած Տիեթըր Հեքինկ նշանակուեցաւ ակումբին նոր մարզիչ: 52 տարեկան Հեքինկ 2012-էն ի վեր Վոլֆսպուրկի մարզիչն էր, բայց պաշտօնազրկուեցաւ նկատի ունենալով, որ ան այս տարեշրջանին Պունտըսլիկայի առաջին եօթը մրցումէն ապահովեց միայն 6 կէտ: Ան պիտի փոխարինէ Անտրէ Շիւպերթը, որ նախանցեալ օր կորսնցուց իր պաշտօնը: 5 անգամ Գերմանիոյ ախոյեան...

«Էն. Պի. Էյ.» Քաւալիրզ Յաղթեց Պաքսի` 113-102 Արդիւնքով

Ռասըլ Ուեսթպրուք «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան մրցումներուն, ներկայ ախոյեան Քլիվլենտ Քաւալիրզ 113-102 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Միլուոքի Պաքսին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քիրի Ըրվինկ նշանակեց 31 կէտ: Երէկուան մրցումներուն, ամէնէն աւելի կէտը (41) նշանակեց Ռասըլ Ուեսթպրուք, երբ անոր կազմը` Օքլահոմա Սիթի, 121-110 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Նիւ Օրլինզի դաշտէն: Այս վերջինին մաս կազմող Անթոնի Տէյվիս, նշանակեց 34 կէտ: Յաղթանակ արձանագրեց...

Հենրիխ Մխիթարեան Բարձրացաւ 57-րդ Դիրք

Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան անգլիական «Տը Կարտիըն»-ի կողմէ դարձեալ ընդգրկուեցաւ աշխարհի 100 լաւագոյն ֆութպոլիստներուն ցանկին մէջ` բարձրանալով 57-րդ դիրք: «Ժոզէ Մուրինիոն բուռն կերպով քննադատեցին` Մխիթարեանը չխաղցնելու համար, բայց եւ այնպէս, վերջերս, ֆութպոլիստը յայտարարեց, որ խնդիրը իր մէջ է: Արագ, անորսալի ու գրագէտ Մխիթարեան, նախորդ տարեշրջանին հրաշալի ֆիզիքական կազմուածք մը ունենալուն շնորհիւ Պորուսիա Տորթմունտի կազմին մէջ ըլլալով 20 դիրքի ոստում...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Լիբանանի Ախոյեան Հմըմ Անթիլիաս Շռնդալից Յաղթանակով Մը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի իր կատարած առաջին մրցումին, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս մեծ, տպաւորիչ եւ շռնդալից յաղթանակով մը սկսաւ իր մրցումները, երբ 59 կէտի առաւելութեամբ` 106-47 արդիւնքով (40-5, 20-15, 33-8 եւ 13-19) պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլը, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ներկայութեամբ իր համակիրներուն, որոնք ՀՄԸՄ-ի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Թատամոն – Ռիատի

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք) տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին Թատամոն կը հիւրընկալէ Լիբանանի ախոյեան Ռիատի Պէյրութը: Թատամոն ցարդ արձանագրած է 3 յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը, մինչ Ռիատի, որ արձանագրած է 2 յաղթանակ, կրած է 2 պարտութիւն:

Ֆութպոլի Պրազիլցի Աստղ Ռոպերթօ Քարլոս Այցելեց Լիբանան

«Արապիքա Սփոր» ընկերութեան յատուկ հրաւէրով Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին յետսապահ Ռոպերթօ Քարլոս այցելեց Լիբանան, ուր պիտի մնայ մինչեւ 30 դեկտեմբեր: Լիբանան իր ժամանումէն անմիջապէս ետք, ան այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ ունեցաւ սիրալիր հանդիպում մը: Ապա ան իր ստորագրութիւնը կրող Պրազիլի շապիկը նուիրեց նախագահ Աունի: Շապիկը կը կրէր թիւ 1 թուանշանը: Այնուհետեւ ան...

Հենրիխ Մխիթարեան Յաջորդաբար 6-րդ Տարին Ըլլալով` Հայաստանի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան 7-րդ անգամ եւ յաջորդաբար 6-րդ տարին ըլլալով, ճանչցուեցաւ իբրեւ Հայաստանի լաւագոյն ֆութպոլիստը: Հայաստանի հաւաքականին խմբապետը հաւաքեց 245 կէտ: Ընդհանուր առմամբ 50 քուէարկողներէն 49-ը Մխիթարեանի անունը նշեցին առաջին դիրքին վրայ: 56 կէտով երկրորդ դիրքը գրաւեց փորթուգալեան Մարիթիմոյի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան, որուն անունը 17 անգամ նշուեցաւ երկրորդ, իսկ 5 անգամ ալ` երրորդ: 45 կէտով երրորդ դիրքը գրաւեց...

Վարդան Բիչախչեան` Հայաստանի Լաւագոյն Մարզիչը

Հայաստանի 2016 տարուան լաւագոյն մարզիչը ճանչցուեցաւ Շիրակ Գիւմրիի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Բիչախչեան: Անոր յաջորդեց գործող ախոյեան Ալաշկերտի գլխաւոր մարզիչը` Աբրահամ Խաշմանեան, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Արթուր Ոսկանեան, որ 21 տարեկանէն վար Հայաստանի հաւաքականին եւ Բանանց Երեւանի գլխաւոր մարզիչն է: Բիչախչեան ապահովեց 154 կէտ, Խաշմանեան` 122 կէտ, մինչ Ոսկանեան` 59 կէտ: Նշենք, որ քուէարկութեան մասնակցած բոլոր մարզական լրագրողները (բացի մէկէն) առաջին...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին արդիւնքները` հետեւեալ ձեւով (1-16-րդ հանգրուան): Թրիփոլի - Ահլի Սայտա` 1-0, Շապապ Սահել - Թատամոն Սուր` 2-1, Ռասինկ - Մապարրա` 4-2, Սալամ Զղարթա - Նեպի Շիթ` 3-1, Անսար - Իժթիմահի` 1-0, Սաֆա - Շապապ Արապի` 3-1 եւ Նըժմէ - ՀՄԸՄ` 5-2: Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան դարձի...

Ռէալ Մատրիտ Սկսաւ Իր Բանակցութիւններուն` Քուրթուայի Հետ

«Ֆութպոլ Էսփանիա» կը յայտնէ, որ Ռէալ Մատրիտ սկսաւ իր բանակցութիւններուն` ձեռք ձգելու համար Չելսիի բերդապահ Տիպօ Քուրթուան: Մինչ պելճիքացի բերդապահին պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2019-ին, իսկ Սպանիոյ մայրաքաղաքի կազմը լրջօրէն կ՛աշխատի այս հարցին վրայ, անդին այս գծով Չելսի ոչինչ կը յայտարարէ:

«Էն. Պի. Էյ.»- Տեմարքուս Քուսինս Նշանակեց 55 Կէտ

Տեմարքուս Քուսինս «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուած երէկուան մրցումներուն, երկրորդ երկարաձգումէն ետք Օրլանտօ Մեճիք 136-130 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մայեմիէն, ուր պարտութեան մատնեց Հիթը: Վերջինիս մաս կազմող Հասան Ուայթսայտ նշանակեց 32 կէտ: Սաքրամենթօ Քինկզ հինգ կէտի տարբերութեամբ` 126-121 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն` Տեմարքուս Քուսինս նշանակեց 55 կէտ: 35 կէտի հեղինակ դարձաւ Քարմելօ...

Հայաստանի Ֆութսալի Հաւաքականը Սկսաւ Իր Մարզական Հաւաքին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ֆութսալի ազգային հաւաքականը ֆետերասիոնի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ երէկ սկսաւ իր մարզական հաւաքին: Անիկա կ՛աւարտի 24 դեկտեմբերին: Գլխաւոր մարզիչ Ռուբէն Նազարէթեան հաւաքական հրաւիրեց հետեւեալ ֆութպոլիստները. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Տաւիտ Չաւես, Արթուր Մկրտչեան (Լէօ) եւ Յակոբ Լոբասեան (Չարպախ): ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐ.- Սարօ Գալստեան, Գոռ Սարգսեան, Սարօ Մարդանեան, Սարգիս Նասիբեան, Տիգրան Վարդանեան (Լէօ), Տիգրան Դաւթեան (Գիւմրի), Յակոբ Ուզունեան, Յակոբ Դոքմանեան...

Տել Փոթրօ` Արժանթինի Տարուան Լաւագոյն Մարզիկը

Թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած ողիմպիական խաղերու ախոյեան Խուան Մարթին Տել Փոթրօ երէկ ճանչցուեցաւ իբրեւ Արժանթինի 2016-ի տարուան լաւագոյն մարզիկը: Լուրը հաղորդող «Լա Նասիոն» պարբերականը կը նշէ, որ 28 տարեկան մարզիկը երկրորդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս տիտղոսին: Ան առաջին անգամ տիտղոսին տիրացած էր 2009-ին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը կատարէ տարեշրջանի իր առաջին մրցումը` ճակատելով Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:30-ին: Նշենք, որ Ա. հանգրուանին ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցում չկատարեց`...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս Կրեց Իր Հինգերորդ Յաջորդական Պարտութիւնը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Միշել Սլէյմանի անուան համալիրին մէջ (Ժիպէյլ) Պիպլոս հիւրընկալեց Հուփսը: Պիպլոս արձանագրեց իր չորրորդ յաղթանակը, երբ 84-55 արդիւնքով (18-11, 37-24, 61-37 եւ 84-55) պարտութեան մատնեց Հուփսը, որ այսպիսով կրեց իր հինգերորդ յաջորդական պարտութիւնը: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Էպի Նտուտի (18 կէտ), մինչ Պիպլոսի անոր խմբակից Ճէյ Եանկպլատ` 16...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Յանձնումի Եւ Ստանձնումի Արարողութիւն` Սապունճեանի Եւ Աշքութիի Միջեւ

Երէկ` երեքշաբթի, 20 դեկտեմբերին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ էլ Տիպ), տեղի ունեցաւ յանձնումի եւ ստանձնումի արարողութիւն, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին հաշուապահ Ժորժ Սապունճեանի եւ նոր հաշուապահ Ռոժէ Աշքութիի միջեւ: Այս արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նոր գանձապահ Էլի Ֆարհաթ: Հանդիպումին ընթացքին Սապունճեան յաջողութիւն մաղթեց Աշքութիի` իր նոր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով:

Արթուր Ալեքսանեան Ընտրուեցաւ Հայաստանի Լաւագոյն Մարզիկ

Արթուր Ալեքսանեան 20 տարուան սպասումէ մը ետք Հայաստանի ողիմպիականի ոսկի մետալ մը պարգեւած ըմբիշ Արթուր Ալեքսանեան, Հայաստանի մարզական լրագրողներու ֆետերասիոնին կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ Հայաստանի 2016-ի լաւագոյն մարզիկ: Ան այսպիսով այս մրցանակին կը տիրանայ յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով: Գիւմրեցի յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Միրան Յարութիւնեան, որ Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու աւարտականին պարտուեցաւ իրաւարարներուն կողմնակալութեան պատճառով, Արթուր Ալեքսանեանի ետին գրաւեց երկրորդ դիրքը: Լաւագոյն եռեակը...

«Էն. Պի. Էյ.»- Ուեսթպրուք Նշանակեց 46 Կէտ, Բայց Օքլահոմա Պարտուեցաւ

Ռասըլ Ուեսթպրուք (ձախին) «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն Օքլահոմա Սիթի 110-108 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Աթլանթա Հոքսէն, հակառակ անոր որ հիւրընկալ կազմին մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 46 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ: Նշենք, որ ցարդ տեղի ունեցած մրցումներուն ամէնէն շատ յաղթանակը (24) արձանագրած է Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, մինչ ամէնէն շատ պարտութիւն (21)...

Մարմնամարզութիւն. Դաւթեան Եւ Խաչատրեան Մետալներու Տիրացան

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող Միհայիլ Վորոնինի անուան բաժակի մրցաշարքին առաջին օրը` երէկ, Հայաստանը ներկայացնող Արթուր Դաւթեան եւ Վիգէն Խաչատրեան մետալներու տիրացան: Բազմամարտի մրցումներուն, Դաւթեան իր ապահոված 86.533 կէտով տիրացաւ արծաթ մետալին` զիջելով միայն Ռուսիան ներկայացնող Արթուր Դալալոյեանէն (87.632 կէտ): Պրոնզէ մետալին տիրացաւ Ռուսիոյ մէկ այլ ներկայացուցիչը` Ալեքսէյ Ռոսթով (85.299): Խմբային դասաւորման մէջ, Արթուր Դաւթեան եւ Վիգէն Խաչատրեան իրենց ապահոված 167.532...

Page 1030 of 1277 1 … 1,029 1,030 1,031 … 1,277

Արխիւներ