
Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մրցեցաւ «Էյ. Եու. Սի. Ի.»-ի դէմ, երկարաձգումէն ետք 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:
Նշենք, որ մրցումին Բ. կիսախաղը վերջ գտաւ 2-2 հաւասարութեամբ:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սեւակ Օհանեան, Սերժ Մելիքեան, Աւօ Տոնպուրեան եւ Աւօ Յարութիւնեան:
Այս մրցումը տեղի ունեցաւ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանին մէջ: