
Պասքեթպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Շանվիլի դաշտին վրայ (Տիք Մըհտի), Լիբանանի տղոց ազգային խումբը 107-49 արդիւնքով յաղթեց Սուրիոյ:
Առանց համակիրներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս մրցումին, Լիբանան բոլոր քորթըրներուն ալ տիրապետեց Սուրիոյ (34-13, 53-27, 80-42 եւ 107-49):
Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց խմբապետ Ֆատի Խաթիպ (21), ապա յաջորդաբար` Շարլ Թապեթ (14), Ուաէլ Արաքժի (11), Աթեր Մաճոք եւ Ամիր Սէուտ (10-ական):
Այս մրցումին Լիբանանի մարզիչ Ճօ Մուժահես դաշտ ներկայացուց իր բոլոր 12 մարզիկներն ալ, որոնք հետեւեալներն են. Ֆատի Խաթիպ, Էլի Սթեֆան, Նետիմ Սուէյտ, Ալի Մըզհեր, Ալի Հայտար, Ուաէլ Արաքժի, Պասել Պաուժի, Ժատ Խալիլ, Շարլ Թապեթ, Էլի Ռսթոմ եւ Աթեր Մաճոք:
Օրուան իրաւարարներն էին Ռիշար Հաժ, Ժորժ Սաատ եւ Նիքոլա Մաալուֆ:
Լիբանանի ազգային խումբերու տնօրէն եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ Եասեր Հաժ իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ խումբը այսօր` չորեքշաբթի, 25 յունուարին իր փորձերը պիտի կատարէ Նուհատ Նաուֆալի անուան մարզահամալիրին մէջ (Զուք), իսկ հինգշաբթի եւ ուրբաթ օրերը` ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):
Խումբը շաբաթ, 28 յունուարին կը մեկնի Ամման (Յորդանան), ուր 29 յունուարէն 2 փետրուար տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը: