Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց քառորդ աւարտականի ճակատումները:

Աղջկանց մրցումներուն ամերիկացի Քօքօ Վանտեվեկը իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հասաւ կրան շլեմի մրցաշարքի մը կիսաւարտականին, երբ 6-4 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց 7-րդ դասուած սպանացի Կարպին Պլանքոյի:
25 տարեկան ամերիկացին, որ նախորդ հանգրուանին յաղթեց թիւ 1 դասուած եւ տիտղոսակիր գերմանացի Անճելիք Քերպըրին, կիսաւարտականին պիտի մրցի 13-րդ դասուած իր համաքաղաքացիին` Վինըս Ուիլիըմզին դէմ, որ երէկ 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց 24-րդ դասուած ռուս Անասթասիա Փաւլիուշենքոյին:
Նշենք, որ Վինըս Ուիլիըմզ Մելպուրնի մէջ վերջին անգամ 2003-ին էր, որ հասած էր կիսաւարտական հանգրուան:
Ատկէ բացի, ան հանդիսացաւ ամէնէն տարիքոտ մարզիկը (36 տարեկան), որ աղջկանց մրցումներուն կը հասնի այս հանգրուանին:

Ինչ կը վերաբերի տղոց քառորդ աւարտականի մրցումներուն, 17-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր 6-1, 7-5 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց գերմանացի Միշա Զվերեւի:

Յաղթանակ արձանագրեց նաեւ 4-րդ դասուած այլ զուիցերիացի մը` Սթանիսլաւ Վաւրինքա, որ 7-6, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ֆրանսացի Ճօ-Ուիլֆրիտ Ցոնկան (12-րդ):
Ֆետերեր (35 տարեկան), որ Աւստրալիոյ մէջ այսպիսով 13-րդ անգամ ըլլալով կը հասնի այս հանգրուանին, կիսաւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ իր համաքաղաքացի Վաւրինքան: