Հոլանտական Վիյք Ան Զի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Թաթա Սթիլ-Չես -2017»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Հայաստանի զօրաւորագոյն ճատրակ խաղացողը` Լեւոն Արոնեան ճերմակ քարերով յաղթեց Ռիչըրտ Ռափորթի:
20 տարեկան հունգարացին 20-րդ շարժումին ընդունեց իր պարտութիւնը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, այժմ Արոնեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք իր տրամադրութեան տակ ունի 6 կէտ:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի ամերիկացի Ուեսլի Սօ, որ ունի 7 կէտ: