
Վոլիպոլի միջազգային ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ տղոց վոլիպոլի խումբը կրնայ զրկուիլ Լոնտոն-2012-ի ողիմպիական խաղերուն եւ տիրացած ոսկի մետալէն:
Միջազգային շարք մը լրատու գործակալութիւններ յայտնեցին, որ խումբին մաս կազմող 7 մարզիկներուն վրայ կատարուած քննութիւնները տուած են դրական արդիւնք, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք խթանիչ դեղեր օգտագործած են:


