Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Ալեքսանտր Սարգիսեան յաղթանակով սկսաւ ամերիկեան Մաուի կղզիին մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Հաուայ-Չելընճըր» միջազգային մրցաշարքը:
Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ, հայկական արմատներով 26 տարեկան մարզիկը յաղթեց ամերիկացի Ճերըտ Տոնալտսընին` 5-7, 7-5 եւ 7-5 արդիւնքով:
1-8-րդ հանգրուանին Սարգիսեան կը մրցի Անտրէ Իլական (Միացեալ Նահանգներ) – Ժեն Լի (Չինաստան) մրցումի յաղթականին դէմ: