
Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ 2-րդ դասուած ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, երբ քառորդ աւարտականին իր կատարած մրցումին 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթեց 9-րդ դասուած անգլիացի Եոհաննա Քոնթայի:
35 տարեկան Սերենա Ուիլիըմզ այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 34-րդ անգամն ըլլալով կը հասնի կրան շլեմի տարբեր մրցաշարքերուն կիսաւարտական հանգրուան:
Անիկա այժմ պիտի փորձէ տիրանալ իր 23-րդ կրան շլեմի տիտղոսին:
Կիսաւարտականին ամերիկացին իր դէմ պիտի ունենայ խրուաթ Միրժանա Լուքիչ – Պարոնին, որ բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ մրցաշարքէն դուրս ձգեց 5-րդ դասուած Քարոլինա Փլիսքովան (Չեխիա)` արձանագրելով 6-4, 3-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Տղոց քառորդ աւարտականի ծիրին մէջ, 15-րդ դասուած պուլկարացի Կրիկոր Տիմիթրով մրցաշարքէն դուրս ձգեց Տաւիտ Կոֆինը (Պելճիքա, 11-րդ)` արձանագրելով 6-3, 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այսպիսով, 25 տարեկան պուլկարացին երկրորդ անգամն ըլլալով կը հասնի կրան շլեմի մրցաշարքի մը կիսաւարտականին. առաջինը` 2014-ին, Ուիմպըլտընի մէջ:

Կիսաւարտականին Տիմիթրով կը մրցի Ռաֆայէլ Նատալի դէմ (Սպանիա, 9-րդ), որ 6-4, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց 3-րդ դասուած քանատացի Միլոս Ռաոնիչը:


