18-25 փետրուարին տեղի պիտի ունենայ Տուպայի պասքեթպոլի 28-րդ միջազգային մրցաշարքը, որ տարբեր պիտի ըլլայ նախորդներէն, յայտնեցին կազմակերպիչները: Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն մեծ ժողովրդականութիւն ունեցող երեք կարեւոր վարժարաններու խումբեր:
Անոր մեծ անակնկալը պիտի ըլլայ Ֆիլիփեան կղզիներու ազգային խումբին մասնակցութիւնը:
Ներկայ պիտի ըլլայ Եգիպտոսի ազգային խումբը, ինչպէս նաեւ պիտի ապահովուի Լիբանանեան խումբերուն վերադարձը` Սաժեսի եւ Ռիատիի մասնակցութեամբ:
Հիւրընկալ երկրէն` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն կը մասնակցին Ահլի եւ Շապապ Տուպայ:
Կազմակերպիչ ակումբը այժմ կապի մէջ է նաեւ մարոքեան, յորդանանեան, իրաքեան եւ թունուզեան խումբերու հետ: