
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Հուփսը, 88-48 արդիւնքով (27-11, 17-10, 23-18 եւ 21-9) յաղթանակ մը արձանագրեց:
Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերը.
Ֆարահ Հարաքէ (17), Ժիւըլ Թանսթուլ, Մեղրի Թորոսեան (14-ական), Այտա Պախոս (13), Ֆէյ Ֆրենս, Քաթերին Հաժ (10-ական), Ճոյս Սալիպա (4), Ալին Թանկուքեան, Լարա Գրաճեան եւ Մակի Զաքարեան (2-ական):
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս երթի իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ ուրբաթ, 3 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Անդրանիկ Պէյրութի դէմ, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ: