«Օթօ Մոթըր Էնտ Սփորթ» յայտնեց, որ «Ֆորմիւլա-1»-ի թեքնիք տնօրէն Պըռնի Էքլըսթոն 40 տարի պաշտօնավարելէ ետք ի վերջոյ հեռացաւ իր պաշտօնէն:
Այսպիսի որոշում տուին ինքնաշարժի «Լիպըրթի Միտիա» կազմակերպութեան նոր սեփականատէրերը:
Ասիկա կը նշանակէ, որ 86 տարեկան անգլիացին, այսուհետեւ բանակցութիւններ պիտի չկատարէ մրցումներու կազմակերպիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ պիտի չզբաղի քաղաքական հարցերով:
Կը նշուի սակայն, որ անոր պիտի առաջարկեն «Ֆորմիւլա-1»-ի պատուոյ նախագահի պաշտօնը ցմահ:
Թէեւ «Ֆորմիւլա-1»-ի նոր պատասխանատուներուն նշանակման գծով պաշտօնապէս յայտարարութիւն պիտի կատարուի մօտիկ ապագային, սակայն Էքլըսթոն կը հաստատէ, որ Չէյզ Քերի պիտի ըլլայ զինք փոխարինողը: