Ինչպէս ծանօթ է, 29 յունուարէն 3 փետրուար Յորդանանի մայրաքաղաք Ամման կը հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ազգային խումբերը հետեւեալ վեց երկիրներուն. Լիբանան, Յորդանան, Իրաք, Սուրիա, Իրան եւ Պաղեստին:
Խումբերը իրարու դէմ կը մրցին միայն մէկ անգամ եւ առաջին հինգ դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն Ասիոյ ախոյեանութեան իրենց տոմսերը:
Լիբանանի տղոց կազմը, որ այսօր կէսօրին կը մեկնի Յորդանան, երէկ աւարտեց իր վերջին փորձերը, որոնք տեղի ունեցան ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Փիեռ Քախիայի եւ այլ անդամներու, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներու:
Ֆետերասիոնին անունով Քախիա յաջողութիւն մաղթեց ազգային խումբին` յոյս յայտնելով, որ մարզիկները լաւապէս գործադրելով իրենց մարզիչին` Ճօ Մուժահեսի ցուցմունքները, Լիբանան կը վերադառնան այս մրցաշարքին տիտղոսով:
Լիբանան իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ վաղը` կիրակի, 29 յունուարին ժամը 17:00-ին (լիբանանեան ժամանակացոյցով)` մրցելով Իրաքի դէմ: