
Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան աղջկանց կիսաւարտականի ճակատումները:
Աւարտականի մրցումը, որ պիտի ըլլայ զուտ ամերիկեան, իրարու դէմ պիտի հանէ Ուիլիըմզ քոյրերը:
2-րդ դասուած Սերենա Ուիլիըմզ 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով յաղթեց Միրժանա Լուքիչ Պարոնիի (Խրուաթիա), մինչ Վինըս Ուիլիըմզ (դասուած` 13-րդ), մրցաշարքէն դուրս ձգեց իր ազգակիցը` Քոքօ Վանտեվեկը` արձանագրելով 6-7, 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այսպիսով, աշխարհի դասաւորման 79-րդ դիրքը գրաւող Պարոնիի յաղթարշաւը կասեցուց Սերենա Ուիլիըմզ` 50 վայրկեանի ընթացքին:
Վեց անգամ Աւստրալիոյ մէջ տիտղոսակիր հանդիսացած Սերենա Ուիլիըմզ, որ կը հասնի 29-րդ կրան շլեմի մրցաշարքի աւարտականին, պիտի փորձէ տիրանալ իր 23-րդ տիտղոսին:
Նշենք, որ Ուիլիըմզ քոյրերուն միջեւ աւարտական այս ճակատումը, պիտի ըլլայ առաջինը` 2009-էն ետք (Ուիմպըլտըն):
Ինչ կը վերաբերի տղոց գծով տեղի ունեցած կիսաւարտականի ճակատումներէն մէկուն, որ եղաւ զուտ զուիցերիական, մեծ պայքար մը մղելէ ետք 17-րդ դասուած Ռոժէ Ֆետերեր 7-5, 6-3, 1-6, 4-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մրցաշարքէն դուրս ձգեց 4-րդ դասուած Սթանիսլաւ Վաւրինքան:
Նշենք, որ այսպիսով, 35 տարեկան ֆետերեր հանդիսացաւ ամէնէն տարիքոտ թենիսմենը, որ կը հասնի աւարտականին` վերջին 40 տարուան ընթացքին:
Ֆետերերի համար այժմ բաւական կարեւոր պիտի ըլլայ աւարտական մրցումը, որովհետեւ ան պիտի փորձէ տիրանալ իր արհետավարժ ասպարէզին 18-րդ տիտղոսին:
Տղոց զոյգի մրցումներուն, ամերիկացի Պոպ Պրայըն – Մայք Պրայըն (դասուած` 3-րդ) զոյգը հասաւ աւարտականին` 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթելէ ետք Փապլօ Քարենօ – Կիլերմօ Կարսիա – Լոփես (Սպանիա) զոյգին: