Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 29 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, տեղի կ՛ունենայ Շապապ Արապի – ՀՄԸՄ մրցումը, Սաֆայի դաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը այժմ 17 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 8-րդ դիրքը, մինչ Շապապ Արապի 29 կէտով` 3-րդ դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի Լեռնալիբանանի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան, Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր կարգին վաղը կը կատարէ իր 3-րդ մրցումը, երբ Պհամտունի դաշտին վրայ, կէսօրուան ժամը 12:00-ին կը մրցի Թաատոտ Մազրաաթ Շուֆի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի զոյգ խումբերէն կ՛ակնկալուի իրենց շաբաթավերջը աւարտել յաղթանակներով: