Չեխիոյ Օսթրաւա քաղաքին մէջ սկիզբ առած Եւրոպայի գեղասահքի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Անասթասիա Գալուստեան 10-րդ դիրքը (56, 40 կէտ) գրաւեց աղջկանց մենասահքի կարճ ծրագիրին մէջ եւ իրաւունք ստացաւ շարունակելու պայքարը ազատ ծրագիրին մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ 27 յունուարին:
Կարճ ծրագիրին մէջ առաջին երկու դիրքերը գրաւեցին երկու ռուսեր` Եւգենիա Մետվետեւա եւ Աննա Պոկորիլայա, իսկ երրորդ դիրքը` իտալացի Քարոլինա Քոսթներ:
Տղոց մենասահքին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Սլաւիկ Հայրապետեան, իսկ պարի զոյգի մրցումներուն` Թինա Կարապետեան-Սիմոն Սենեկալ զոյգը: