
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան տասը ճակատումներ:
Սաքրամենթօ Քինկզ, որ Քլիվլենտի մէջ հիւրը եղաւ Քաւալիրզի, երկարաձգումէն ետք 116-112 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Թէեւ Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 40 կէտ, սակայն անոր կազմը` Շիքակօ Պուլզ, 119-114 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Աթլանթա Հոքսէն:
Մեմֆիս Կրիզլիզ, կողովի մը տարբերութեամբ` 101-99 արդիւնքով յաղթեց Թորոնթօ Ռեփթըրզի: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Մարք Կազոլ նշանակեց 42 կէտ:
Պոսթըն Սելթիքս 120-109 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Հիուսթըն Ռոքեթցը: Իսայահ Թոմաս (Սելթիքս) նշանակեց 38 կէտ, մինչ Ճէյմս Հարտեն (Ռոքեթց)` 30 կէտ:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 113-103 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Շարլոթ Հոռնեթցի դաշտին վրայ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 33 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Սաքրամենթօ Քինկզ – Քլիվլենտ Քաւալիրզ | 116-112 |
Պոսթըն Սելթիքս – Հիուսթըն Ռոքեթց | 120-109 |
Մայեմի Հիթ – Պրուքլին Նեթց | 109-106 |
Աթլանթա Հոքս – Շիքակօ Պուլզ | 119-114 |
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Միլուոքի Պաքս | 114-109 |
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ | 101-99 |
Օքլահոմա Սիթի – Նիւ Օրլինզ | 114-105 |
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց | 113-103 |
Տալաս Մավըրիքս – Նիւ Եորք Նիքս | 103-95 |
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ | 105-98 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Օքլահոմա Սիթի – Տալաս Մավըրիքս
Մինեսոթա Վուլվզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Տենվըր Նակեթց – Ֆէոնիքս Սանզ
Եութա Ճեզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ