Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Կերըթ Պէյլ շատ հաւանաբար վերադառնայ Անգլիա, կը հաղորդէ «Մարքա»:
Աղբիւրին համաձայն, Պէյլով հետաքրքրուած են Չելսի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ, որոնք պատրաստ են վճարելու 200 միլիոն եւրօ` Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիկը ձեռք ձգելու համար:
Եթէ պատահի, որ անոր այս փոխանցումը կատարուի, ան շաբաթական աւելի քան 400 հազար եւրօ կրնայ ստանալ:
Նշենք, որ արքայական ակումբին հետ Պէյլի պայմանագրութեան ժամկէտը կ՛աւարտի 2022-ի ամրան: