Քոլոմպիական Աթլեթիքօ Պուքարամանկայի ուրուկուէյահայ յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէօզեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Արժանթինի մէջ:
30 տարեկան ֆութպոլիստը տեղափոխուեցաւ Պուէնոս Այրեսի կազմերէն Աթլեթիքօ Թեմփերլէ:
Վերջին շրջանին տարածուած էին լուրեր, թէ ան պիտի միանայ Իւնիվերսիտատ Տէ Քոնսեփսիոնի (Չիլի), բայց այդ փոխանցումը տեղի չունեցաւ:
2016-էն ի վեր Պուքարամանկայի հետ հանդէս եկող Գեւգէօզեան, Քոլոմպիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան 23 մրցումի ընթացքին նշանակեց 11 կոլ: